ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Կը պատմուի, թէ Ֆրանսայի հզօր կայսր՝ Նափոլէոն Պոնափարթ, մեծ յաղթանակէ մը ետք, երբ իր բանակին հետ կ՚անցնէր Փարիզի փողոցներով, միջոցին ծերունի մը մեծ դժուարութեամբ կը փորձէր ճեղքել ամբոխը, որպէսզի մօտիկէն կարելիութիւն ունենար տեսնելու իր հպարտ կայսրը:

Սակայն, փողոցի կարգապահութեան հսկող զինուորները թոյլ չէին տար, որ այս ծերունին ռազմական պատնէշը ճեղքելով աւելի մօտենար կայսրին: Եւ ահա այդ վայրկեանին կը ստեղծուէր մեծ իրարանցում մը:

Նոյն պահուն, ձիուն վրայ նստած եւ բանակը առաջնորդող Նափոլէոնի ուշադրութիւնը կը գրաւէր այս աղմկոտ միջադէպը: Անմիջապէս տեղականալով եղելութեան, բանակի տողանցքը կասեցնելով, խի՛ստ կը հրամայէ եւ բարձրաձայն կը հրահանգէ.

-Զինուորներ... Թոյլ տուէք այդ ծերունին... թող մօտենայ... ճամբայ տուէ՛ք... իսկ հիմա ուշադրութի՛ւն... պատրա՛ստ բարեւի... Ֆրանսան է եկողը...

Այդ ծերունին, Նափոլոնի ուսուցիչն էր:

*

Ուսուցչութիւնը մասնագիտութիւն մըն է: Ստեղծագործ միտք: Մեծ կամ փոքր մարդուն թերիները սրբագրող: Անոր նկարագիր կերտող: Ճկուն: Նուրբ սէր ունեցող յատկապէս հանդէպ մատղաշ սերունդին: Տակաւին աւելին, նոյնիսկ մեծ դերակատարութիւն՝ նոյն այդ մատղաշի ապագայի կերտումին:

Ու խօսելով այս մասին՝ յիշենք, որ հայ մանկավարժութիւնը երկար տարիներու պատմութիւն ունի։ Ու զայն սերտողը, կրնայ ուսանելի էջեր գտնել դպրութեան եւ մանաւանդ՝ հայ ուսուցիչի առաքելութեան մասին։ Եւ իսկապէս պատահական չէ, որ աշխարհի զանազան ժողովուրդներ, ինչպէս նաեւ մենք, տարուան մէջ օր մը անպայման կը պատուենք եւ կը փառաբանենք մեր երկրէն ներս սերունդներու հին ու նոր դաստիարակները:

Արդ, իբրեւ աւելի քան կէս դարու վրայ երկարող հայ լեզուի ուսուցիչ, կրթական մշակ, նաեւ տակաւին պատնէշի վրայ մնացող համեստ դաստիարակ, մտերմօրէն յայտնեմ, որ ինծի համար ուսուցիչին նուիրուած տօնը, մեծ ցնծութեան օր է: Նաեւ, ուրախութեան տօն է: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ ազգի մը արժէքը, իր ուսուցիչներն են: Ուստի, պարտաւոր ենք այս մասին խօսիլ, յիշել եւ յիշեցնել ու յատկապէս՝ մեծարել:

Ու մեր մօտ, ուսուցչութիւնը վստահուած առաքելութիւն մըն է, որ դարէ դար, Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած է իբրեւ սրբազան աւանդ: Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ հայ ուսուցիչը հաստատ սիւնն ալ է հայ դպրոցին: Անոր համար միշտ կրկնած եմ, թէ ուսուցչութիւնը կեա՛նք է, ո՛չ միայն ասպարէզ:

Եւ այս առթիւ ըսեմ, որ իսկապէս մեծ գնահատանքի արժանի են՝ մանաւանդ այն բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ուսուցիչներուն եւ իրենց խորազգած խորհուրդներով եւ նոյնքան ալ անսակարկ, անոնց կը մատուցեն յարգանքի իրենց տուրքը:

Անոր համար կ՚ուզեմ շեշտել, թէ այս օրերուն կարօտը ունինք հայ ուսուցիչներու, որովհետեւ անոնց միջոցով եւ անոնց ճամբով է, որ մեր սերունդները պիտի կոփուին գիտութեամբ եւ հայեցի շունչով:

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ աւելցնեմ որ ուսուցչութիւնը, ընդհանրապէս կը տարբերի միւս բոլոր ասպարէզներէն: Անիկա կը պահանջէ անսակարկ զոհողութիւն եւ անձնուիրում, յատուկ առաքելութեան եւ յանձնառութեան կողքին:

Այսպէս, հայերէնի ուսուցիչը ո՛չ միայն հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ իրաշակերտներուն, այլեւ կը պատրաստէ վաղուան իրաւ հայը: Ան հայեցի դաստիարակութեան կողքին, նաեւ կը փորձէ անոնց մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը, մեր մշակութային արժէքներու փոխանցման հետ:

Ուսուցիչ կամ՝ ուսուցչութիւն: Ստեղծագործ կոչում: Հին դարերէն ի վեր մարդկութեան հնոցն ու դարբնոցը հանդիսացած է ան: Նկարագիր կռանողն ու կերտողը: Ուսուցիչը անձ մըն է, որ օրինակելի ընծայում ունի եւ ո՛չ թէ միայն գիտութիւն:

Յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ եղած պիտի ըլլար մեր՝ հայերուս կեանքը, եթէ հայ ուսուցիչներ ու հայ դպրոցներ գոյութիւն ունեցած չըլլային:

Անոր համար յարգանքի որոշ բաժին ունին անոնք բոլորն ալ: Ուստի, մեզմէ կը պահանջուի յաւելեալ զգաստութիւն եւ յաւելեալ վստահութիւն՝ հանդէպ մեր կառոյցներուն եւ մանաւանդ ու մասնաւորաբար՝ հայ ուսուցիչին, որովհետեւ անոնց ճամբով է, որ մեր սերունդները պիտի լիանան գիտութեան ճրագով, պիտի յագենան հայեցի շունչով, պիտի յաղթահարեն տգիտութեան եւ մասնաւորաբար՝ հայ ուսուցիչին մատուցած ջերմ սիրով եւ գուրգուրանքով պիտի սնանին եւ պիտի պարուրուին իմաստութեամբ եւ ազգային ու հայ արժէքներու գիտակցութեամբ:

Արդ, ազգի մը ներկայացուցած արժէքը իր ունեցած ուսուցիչներն են, ո՛չ թէ ուրիշ տուեալներ, որոնք առհասարակ կապ ունեցած են նիւթականին հետ եւ որոնք գնայուն են, ո՛չ թէ մնայուն:

Ուսուցչութիւնը, կրկնած ենք միշտ, ընդհանրապէս կը տարբերի միւս բոլոր ասպարէզներէն: Անիկա կը պահանջէ անսակարկ զոհողութիւն եւ անձնուիրում: Ու չմոռնանք, ուսուցիչին անհրաժեշտութիւնը միշտ կը մնայ անժխտելի, իսկ անոր դերակատարութիւնը մարդակերտման եւհայակերտման աշխատանքներուն մէջ՝ մեծ ու վճռական:

Իսկ ուսուցիչին եւ մանաւանդ՝ հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տալն է, ո՛չ միայն ըլլալը: Էականը ցանելն է, ո՛չ միայն ամբարելը: Կենսականը ճառագայթելն է, ո՛չ միայն ուսուցիչ անուն կրելը: Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը. նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել գոհունակութիւն:

Արդ, հայ ուսուցիչը արժեւորել կը նշանակէ արդար վարձքը տալ հայ մշակոյթի սպասաւորին:  Ան է մեր մշակոյթին դուռը բացողը:

Իսկ մեզի համար էականը, ուսուցիչ գտնելուն կողքին՝ ուսուցիչ պահելն է:

Այս առումով, մեծ է հայ ուսուցիչին ստանձնած գործը՝ մեր ներկայ իրականութեան մէջ, որքան ալ փշոտ ու դժուար ըլլայ այդ ճանապարհը, ան չի դադրիր փրկարար ըլլալէ:

Մեծարել հայ ուսուցիչը, գնահատել անոր կատարած գործը՝ կը նշանակէ մեծարել ժողովուրդը, հայրենիքը, մայրենին, որքան ալ, երբեմն, ապերախտ դառնայ իր կատարած գործը: Ապերախտ՝ բայց ո՛չ անտեսումի արժանի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026