ԼՈՒՐՋ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ հիւրընկալեց Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը։ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ ընդգծուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ առեւտուրը, ուժանիւթն ու խելացի տնտեսութիւնը։ 

Ըստ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած պաշտօնական տեղեկատուութեան՝ Շի Ծինփինկ յայտարարեց, որ Չինաստան եւ Սպանիա պէտք է առաջ մղեն համապարփակ ռազմավարական գործունէութիւնը՝ ի շահ իրենց ժողովուրդներու։ 

Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Պետրօ Սանչեզ յայտնեց, որ Մատրիտի համոզմամբ Փեքին կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնել Մերձաւոր Արեւելքէ ներս հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ։ «Այն դերը, որ Չինաստան կրնայ ունենալ, կարեւոր է այս պատերազմի աւարտին համար դիւանագիտական ուղիներ գտնելու եւ կայունութեան ու խաղաղութեան նպաստելու համար», յայտարարեց վարչապետը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026