ՊԱՅՐԱՄՈՎ-ԿԱԼՈՒԶԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու քաղաքական, տնտեսական-առեւտրային եւ մարդասիրական երեսակները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր։

Ընդգծուեցաւ փոխադարձ այցելութիւններու եւ երկկողմանի շփումներու կարեւորութիւնը՝ համագործակցութեան օրակարգային հարցերու արդիւնաւէտ քննարկման տեսակէտէ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթերու շուրջ՝ դիտարկելով ապագայ համագործակցութեան հեռանկարները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026