Ուրբաթ 17, Ապրիլ 2026
ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Տոհայի մէջ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Թանիի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին Եաշար Կիւլէր ունեցաւ նաեւ այլ հանդիպումներ՝ Քաթարի պաշտպանութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։
Նախարար Կիւլէրի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ այնպիսի շրջանի մը, երբ Արաբական ծոցի երկիրները լրջօրէն ազդուած են Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմէն եւ անվտանգութեան նոր երաշխիքներ կ՚որոնեն։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026