ՖԻՏԱՆ ԵՐԷԿ ԶՐՈՒՑԵՑ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պարսից ծոցի առկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ, նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան ելքի ուղիներու շուրջ։ Անգարա եւ Մոսկուա վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորման ջանքերուն աջակցելու ուղղութեամբ։

Քննարկուեցան նաեւ այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ յարձակումներուն վերաբերեալ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան պատրաստակամ են՝ աջակցելու հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։ 

Լաւրովի հետ զրուցելու ժամանակ Ֆիտան անդրադարձաւ նաեւ Ուքրայնայի պատերազմին վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի մասնակցութեամբ եռակողմանի բանակցութիւններու վերսկսման հեռանկարներուն։ Հաքան Ֆիտան հաստատեց պատրաստակամութիւնը՝ այդ հանդիպումները Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալելու համար։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ ներկայացուց Ուքրայնայի գործողութիւններու եւ յայտարարութիւններու գնահատականը։

Բացի Ֆիտանէն, Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ 

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանն ալ երէկ հեռաձայնի վրայ զրուցեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026