ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ներկայ շաբթուայ երկրորդ կէսին պիտի այցելէ Իսթանպուլ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են Ալէն Սիմոնեանի երկկողմանի հանդիպումները՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի եւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլիի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսթանպուլ ժամանելէ առաջ Ալէն Սիմոնեան խորհրդարանէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնեց հետեւեալը. «Բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարանի ղեկավարներ այնտեղ պիտի ըլլան։ Այս պահու դրութեամբ նախատեսուած են հանդիպումներ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի գործընկերներուն հետ»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026