ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Միրզոյեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Եւրոյանձնաժողովի պաշտպանութեան եւ տիեզերքի գծով կոմիսար Անտրիուս Քուպիլիուսի հետ։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներուն ընթացքին ընդհանրապէս շօշափուեցան երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարներն ու անվտանգութեան հարցեր։ Երեւան-Պրիւքսէլ ռազմավարական օրակարգի շրջանակներէն ներս, կողմերը անդրադարձան տնտեսութեան ու փոխադրութեան ոլորտներէ ներս փոխկապակցութեան, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան խթանման վերաբերեալ հարցերու։

Միւս կողմէ, Քայա Քալաս «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը յստակ չի հասկնար Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն բնոյթը։ Իր խօսքով՝ ԵՄ չի սատարեր որեւէ գործողութեան, որ նաւագնացութեան ազատութիւնը կը խանգարէ այս ջրանցքէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026