ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՔԱՂԱՔՍ ԵԿԱԾ Է՝ ԾԱՆՕԹԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ «ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»Ը
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որուն կ՚ընկերանար նոյն ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղէն Թամար Քարասու։ Հրայր Ճէպէճեան, որ թերթիս պատուակալ աշխատակիցներէն է եւ սփիւռքահայ մտաւորականներու շարքին կը դասուի, այս անգամ Իսթանպուլ եկած է՝ մասնակցելու համար «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի ծանօթացման հաւաքոյթին։
Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով հրատարակուած է հայերէնով «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը, որ իսկապէս եզակի հրատարակութիւն մըն է։ Գունաւոր, ճոխ տեսանիւթերով պատրաստուած այս Աստուածաշունչը իսկապէս հրապուրիչ կրնայ ըլլալ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար՝ մանաւանդ, որ պատրաստութիւնն ու արտադրանքը կատարուած է էնթերաքթիւ մօտեցումով։
Զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան դիտել տուաւ, որ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի ծանօթացման համար վերջին շրջանին այցելութիւններ կու տայ աշխարհի զանազան երկիրները, ուր կը գտնուին հայկական կրթօճախներ։ Ան համոզուած է, թէ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը միայն կրօնական գիտելիքներ ջամբելու չի նպաստեր, այլեւ խթան մը կ՚ըլլայ, որպէսզի նոր սերունդի մօտ ինքնութեան գիտակցութիւն ձեւաւորուի։ Մայրենիով «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը կարդալը բոլորին առումով յաւելեալ խթան մը կը հանդիսանայ նաեւ հայերէնով հաղորդ դառնալու տեսակէտէ Աստուծոյ խօսքին։
Հրայր Ճէպէճեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ Իսթանպուլի մէջ ալ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ին համար կազմակերպուած է շնորհանդէս, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքեան օրակարգի զանազան նիւթերուն։ Հրայր Ճէպէճեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ իր կողակցին՝ Արտա Ճէպէճեանի գործունէութեան շուրջ։ Ծանօթ է, որ ան ակադեմական մըն է եւ հանգստեան կոչուելէ վերջ արդէն վերջին շրջանին կը կեդրոնանայ հայկական ինքնութեան եւ հայերէնի ուսուցման վերաբերեալ նիւթերու վրայ։ Արտա Ճէպէճեանի յօդուածներն ալ ամբողջ սփիւռքի մէջ կ՚արժանանան ուշադրութեան։
Բարի կեցութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի բարեկամ ու գրչեղբայր Հրայր Ճէպէճեանին։