ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի «Ֆերիէ» ճաշարանի համալիրէն ներս: Եւրոպայի օրուան առթիւ կազմակերպուած էր այս ընդունելութիւնը, որու տանտէրն էր Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Աւիօ Օրաւ: 

Վոսփորի ափին կազմակերպուած այս հաւաքոյթը համախմբեց բազմաթիւ հիւրեր, որոնք փութացած էին Եւրոպայի օրը նշելու՝ հասարակաց արժէքներու հիման վրայ: Դեսպան Աւիօ Օրաւ եւ կողակիցը մի առ մի դիմաւորեցին հիւրերը, որոնց շարքին կը գտնուէին՝ դիւանագէտներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքական գործիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ դէմքեր, գործարարներ, հասարակական գործիչներ, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ աշխարհական վարիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն դէմքեր եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր: 

 Ընդունելութեան ընթացքին նուագուեցան Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան քայլերգները: Դեսպան Աւիօ Օրաւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Ապա արտայայտուեցաւ առեւտուրի փոխ-նախարար Մուսթաֆա Թուզճու, որ յանուն կառավարութեան մասնակցութիւն բերած էր այս հաւաքոյթին: 

Ելոյթներէն վերջ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր: Հրաւիրեալները հետեւեցան երաժշտական կատարումներուն եւ բաժակներու շուրջ հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ: 

Թէ՛ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավարը եւ թէ փոխ-նախարարը հաւաքոյթի ընթացքին իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան այն հասարակաց արժէքներուն, որոնք կը միաւորեն Անգարան եւ Պրիւքսէլը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ, որ կողմերու համագործակցութիւնը զուտ առեւտրական նշանակութիւն չունի, այլ համապարփակ արժէքային համակարգի մը դրսեւորումը կը համարուի։ Դեսպանը եւ փոխ-նախարարը Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքի համագործակցութիւնը կարեւորեցին նաեւ միջազգային հրատապ օրակարգի այժմու մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ՝ մանաւանդ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմները։

Եւրոպայի օրուան առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ կողակիցը Այլին Գօչունեան:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026