Երեքշաբթի 16, Յունիս 2026
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Լիւքսեմպուրկի մէջ: Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հրաւէրով:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած քննարկման մը:
Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026