ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ԵՐԵՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ

Երէկ, Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց՝ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքը: Այպէս, խորհրդարան մուտք գործել յաջողեցաւ երեք քաղաքական ուժ: Անոնցմէ գլխաւորն է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը, որ յառաջիկայ շրջանին եւս ջախջախիչ մեծամասնութիւն պիտի ունենայ: ՔՊ-ն յաջողեցաւ 105 պատգամաւորներով խորհրդարանէն ներս ապահովել 64 աթոռ:

Ընդդիմութեան շարքերէն՝ որպէս գլխաւոր ընդդիմադիր խորհրդարան մուտք գործել յաջողեցաւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը, որ պիտի ունենայ 29 երեսփոխան: Խորհրդարան մուտք գործել յաջողած երրորդ ուժը եղաւ «Հայաստան» դաշինքը, որ 12 երեսփոխան պիտի ունենայ: Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան առաջին արդիւնքներու հրապարակումէն ի վեր վէճի նիւթ էր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պարագան: Արդարեւ, այս կուսակցութիւնը խորհրդարան մուտք գործելու նուազագոյն շեմին՝ չորս տոկոսին շատ մօտեցած էր: Առաջին արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ, նոյնիսկ յայտարարուած էր, որ խորհրդարան մուտք կը գործէ չորս քաղաքական ուժ: Յամենայնդէպս, երբ քուէներու հաշուարկը յառաջացաւ, ապա յայտնի դարձաւ, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը բաւարար ձայներ չէ ապահոված խորհրդարան մուտք գործելու համար: Կատարուեցաւ քուէներու վերահաշուարկ, սակայն, վերջնական արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը 3,9 տոկոս ձայն հաւաքած է, ինչ որ բաւարար չէ խորհրդարան մուտք գործելու համար: 

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքի հրապարակումէն վերջ զանազան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին: Յանձնաժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ ցոյցը, որու ժամանակ իրաւապահ մարմինները անվտանգութեան միջոցներու ձեռնարկեցին շէնքին շուրջ: 

Միւս կողմէ, խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերէն «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ չկարողացաւ երկրէն դուրս գալ՝ իշխանութիւններուն կողմէ դրուած արգելքին պատճառով։ Ռոպերթ Քոչարեան կը պատրաստուէր երեք օրով Հայաստանէն հեռանալ, սակայն, իշխանութիւնները արգիլեցին իրեն երկրէն դուրս գալը՝ ամենայն հաւանականութեամբ այն պատճառաբանութեամբ, թէ իր պարագային դատական գործընթաց մը կը շարունակուի։ 

Այս իրադարձութեան կապակցութեամբ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը հրապարակեց շատ խիստ բողոքի յայտարարութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026