ՖԻՏԱՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑ
Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ: Եռօրեայ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, կը նախատեսուին նաեւ քննարկումներ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս այցելութեան ընդառաջ բացատրութիւններ տուաւ բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական նիւթերուն շուրջ: Այսպէս, Ֆիտան եւ Լաւրով կը շօշափեն Մերձաւոր Արեւելքի, Սեւ ծովու տարածաշրջանի, Կեդրոնական Ասիոյ վերաբերեալ խնդիրներ, որոնց վրայ կու գայ աւելնալ Հարաւային Կովկասի կացութիւնը: Կողմերը կը շօշափեն զանազան ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Հարկ է նշել, որ Հաքան Ֆիտան Մոսկուա այցելելէ առաջ, վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Միւս կողմէ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուա կը սպասէ նաեւ հիւրընկալել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: