ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ…
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները պիտի կարենա՞ն անցնիլ աւազախրումէն դէպի վերաիմաստաւորում: Սփիւռքի դիմագրաւած ամենատարբեր խնդիրներուն մասին յաճախ կը խօսուի: Ի հարկէ, կը սոսկամ «մարտահրաւէր» բառը գործածելէ, որովհետեւ վերջին տարիներուն տարբեր առիթներով նկատելի դարձաւ, որ սփիւռքեան կտրուածքով այդ բառը յաճախակի կերպով գործածողները անոնք են, որոնք ո՛չ թէ սփիւռքի հարցերը, համահայկական օրակարգը կամ հիմնախնդիրները լուծել կը ջանան, այլ կը փորձեն նոր համարուող, բայց, վաղուց արդէն հինցած «երգեր»ը երգելով՝ վերաիմաստաւորել իրենց դիրքը, տեղը եւ ընելիքը։
Ի վերջոյ, այդ մարդիկ քով-քովի գալով, ո՛չ թէ լուծումներու մասին կը խորհին, այլ կը փորձեն «օրինականցնել» այն մսխումները, որոնք վերջին տարիներուն կը կատարուին ամենատարբեր հարթակներու վրայ։
Ի՞նչ էր սփիւռքը կամ ի՞նչ էին այն հայագաղութները, որոնք կազմուեցան անցեալի մէջ: Ունէի՞ն յստակ տեսլական մը, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարժին եւ ի՛նչն է իրենց համար առաջնայինն ու կարեւորը։
Նոյնը կարելի է ըսել 1960-ականներու կէսէն ետք գոյացած մթնոլորտին մասին, երբ հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ «միաւորուեցաւ» եւ առաջ տարաւ ցեղասպանութեան հարցը: Այս առումով, անշուշտ, շատ կարեւոր հարցում մըն էր, թէ ի՞նչ հիմքերով այդ առաջադրանքը մարմին ստացաւ, վերածուեցաւ տարբեր բաներու եւ տեղ մը հայութիւնը հաւաքեց մեծ եւ գերագոյն նպատակներու շուրջ։ Ի հարկէ, այստեղ ազդեցիկ դեր խաղաց Խորհրդային Միութիւն-Արեւմուտք մեծ պայքարը, որու առանցքներուն Հայաստանը, հայութիւնն առհասարակ ունեցաւ կարեւոր ըսելիք։
Այդ փուլէն ետք եւս տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ, բայց ո՛չ ոքի մտքէն կ՚անցնէր, թէ հայութիւնը՝ իբրեւ միաւոր, պիտի ունենայ անկախ պետութիւն մը, որու երկինքին տակ պիտի հաւաքուին բոլորը։
Ձախողութի՞ւն պիտի համարել բոլոր այն գործընթացները, որ տեղի ունեցան 1991 թուականի անկախութենէն ի վեր կամ այդ մօտեցումը ունենալով «ջուրին պիտի տանք» բոլոր այն ձեռքբերումները, որոնք տեղի ունեցան հայրենի հողին վրայ։ Հարցումը ինքնին կարեւոր է, որովհետեւ անոր մէջ կան փոխյարաբերութիւնները ճիշդ կերպով հունաւորելու գործընթացները։ Ու եթէ իսկապէս այդպէս էր, ինչո՞ւ Հայաստան չդարձաւ 5 կամ 6 միլիոն հայութեան վախճանական կեդրոնատեղին։ Արդեօք սխա՞լ կառավարումն էր, որ պատճառ դարձաւ այդ «բեկում»ին, թէ յարգանքի պակասը՝ ի մասնաւորի Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց համար սփիւռքը պարզապէս «կթան կով» մըն էր։ Այլ խօսքով, «փողը թող տան եւ այլ բանի թող չխառնուին» մօտեցումը կը դառնար այն հիմնական դրօշը, որ յառաջ կը տանէր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մեծ նաւը՝ մինչեւ այն պահը, որ վրայ կը հասնէր Արցախի մեծ պարտութիւնը, որ, միեւնոյն ժամանակ, պատճառ կը հանդիսանար, որպէսզի յարաբերութիւններու «սիրառատ» նաւը տեղ մը աւազախրի։
Այսօր այդ աւազախրումին առջեւ կանգնած ենք ու տեղ մը պարտաւորուած ենք մեզմէ հեռու պահել զայն, չխօսիլ անոր մասին, չանդրադառնալ անոր։ Ու թերեւս այս պատճառով է, որ վերջին տարիներուն նկատելի դառնալ սկսած է «դէպի սփիւռք» նոր առանցք մը, որու նպատակն ու իրական թիրախը խորքային վերադարձի մը մասին կը խօսի. վերադարձ մը դէպի սփիւռք եւ հասկացութիւն մը, որ «Հայաստանի հարցերէն մեզի ինչ ու մենք պէտք է ապրինք ու գործենք յանուն սփիւռքի» լոզունգին շուրջը։
Անշուշտ, հայութեան գոյութեան իմաստին եւ անոր երազներուն մէջ հիմնական տեղը պիտի շարունակէ զբաղեցնել Հայաստանը, բայց եւ այնպէս, այդ «սպասուած» Հայաստանի մեծ երազը կրնայ ապրիլ տատանումներ, փոփոխութիւններ, անկումներ եւ տուայտանքներ։
Բնականաբար, սփիւռքի հետ նոր յարաբերութիւն մը, նոր մաքուր էջ մը բանալու եւ մայր երկրին հետ աւելի համերաշխ ու խաղաղ ապրելու սկզբունքին մէջ մեծ դեր պէտք է ունենան երկրի իշխանութիւնները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով կ՚ուզեն հեռու մնալ սփիւռքէն (ոչ սփիւռքահայութենէն)։ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւններուն համար շատ աւելի հեշտ է սփիւռքի հետ խօսիլ անհատական մակարդակով, որովհետեւ հաւաքական կերպարանքը կամ մարմիններն ու միութիւնները ունին լուրջ հարցադրումներ, որոնք կը բխին իշխանութիւններու սխալներէն ու մանաւանդ՝ մեր ժամանակներու տարերային ցնցումներէն։ Համայնապատկերը, անշուշտ, իրարմէ երես թեքելու ընդհանուր դրուագ մըն է, որ կրնայ երկար տեւել՝ քանի երկու կողմերն ալ՝ թէ՛ սփիւռքը եւ թէ Հայաստանը, պատրաստ չեն իրարու հետ անկեղծ խօսելու կամ բաժնելու այն հարցերը, որոնք երկուքին համար ցաւատանջ են։
Սփիւռքը դիտո՞րդ է, թէ գործակից… Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին լուրջ վերարժեւորման փուլէ մը ներս։ Տարիներ շարունակ այդ կապը մեծ մասամբ հիմնուած էր զգացական պատկանելիութեան, պատմական յիշողութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութեան վրայ։ Սակայն, վերջին տարիներու դէպքերը (առաւելապէս Արցախի պատերազմը, մեծ պարտութիւնը եւ Արցախի հայաթափումը), քաղաքական ցնցումները եւ ազգային հիասթափութիւնները էապէս փոխեցին այդ յարաբերութեան բնոյթը։ Ակնյայտ դարձաւ, թէ միայն նիւթական աջակցութեան վրայ հիմնուած կապը չի կրնար երկար գոյատեւել, եթէ սփիւռքը չզգայ, թէ ինք նաեւ մասնակցութիւն ունի ազգային որոշումներու ձեւաւորման մէջ։
44-օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւնները խոր հոգեբանական ազդեցութիւն գործեցին ամբողջ հայութեան վրայ։ Շատերու համար առաջին անգամ հարցականի տակ դրուեցաւ ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքական ընթացքը, այլեւ համահայկական միասնականութեան գաղափարը։ Սփիւռքի լայն շրջանակներ սկսան աւելի բաց ձեւով արտայայտել իրենց մտահոգութիւնները՝ զգալով, թէ ազգային ճակատագրական հարցերու ընթացքին իրենք դուրս կը մնան որոշումներէն։ Այս մթնոլորտը պատճառ դարձաւ վստահութեան ճգնաժամի մը, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր կը շարունակուին։
Այս պայմաններուն մէջ հիմնական հարցադրումը այն է, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է վերակառուցել փոխադարձ վստահութիւնը։ Առանց այդ վստահութեան՝ Հայաստան-սփիւռք կապը կրնայ վերածուիլ միայն վարչական, ձեւական կամ ժամանակաւոր համագործակցութեան։ Մինչդեռ իրական ուժը այն գաղափարին մէջ է, որ Հայաստան միայն իր սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող պետութիւն մը չէ, այլ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան կեդրոնական հանգրուանը։ Երբ այդ գիտակցութիւնը թուլնայ, ապա կը տկարանայ նաեւ համահայկական միասնականութեան գաղափարը։
Այսօր, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է մտածել համահայկական ռազմավարութեան մասին։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող միլիոնաւոր հայեր կրնան մեծ դեր ունենալ Հայաստանի ապագային համար՝ ո՛չ միայն նիւթական օժանդակութեամբ, այլեւ գիտական, մշակութային, քաղաքական եւ կազմակերպչական ներուժով։ Սակայն, այդ ներուժը կարելի է ամբողջական կերպով օգտագործել միայն այն ժամանակ, երբ սփիւռքը ինքզինք զգայ ազգային ընդհանուր ծրագրի մը մէկ մասը եւ ո՛չ թէ արտաքին դիտորդ մը։
Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնին կարեւոր ազդակ մըն է Հայաստանի համար։ Ան կը յիշեցնէ, թէ հայկական ինքնութիւնը միայն պետական սահմաններով սահմանափակուած իրականութիւն մը չէ։ Սփիւռքի համայնքները՝ դպրոցներով, մշակութային միութիւններով, եկեղեցիներով եւ կազմակերպութիւններով, տասնամեակներ շարունակ պահպանեցին ազգային ինքնութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ։ Այդ կառոյցները պարզապէս աւանդապահ հաստատութիւններ չեն, այլ ինքնութիւն կազմաւորող միջավայրեր։
Յատկապէս հայկական դպրոցին դերը շատ աւելի խոր է՝ քան միայն լեզուի ուսուցումը։ Դպրոցը այն վայրն է, ուր կը կազմաւորուի ազգային մտածելակերպը, պատկանելիութեան զգացումը եւ հայ մնալու գիտակցութիւնը։ Ներկայ սերունդներուն համար ինքնութեան պահպանումը այլեւս միայն հայերէն խօսելու հարցը չէ։ Ան կապուած է ապագայի տեսլականին, ազգային արժէքներուն եւ այն զգացումին, թէ իրենք մաս կը կազմեն համաշխարհային հայկական իրականութեան մը։
Սփիւռքի համայնքային կեանքը նոյնպէս փոփոխութեան մէջ է։ Նոր սերունդները տարբեր մտածելակերպ եւ առաջնահերթութիւններ ունին, իսկ համաշխարհայնացումը աւելի բարդ դարձուց ինքնութեան պահպանումը։ Սակայն, այդ փոփոխութիւնները նաեւ նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն։ Այսօր կարելի է աւելի արագ կերպով կապ հաստատել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, ստեղծել համատեղ նախաձեռնութիւններ եւ ձեւաւորել աւելի ժամանակակից համահայկական համագործակցութիւն։
Վերջապէս, ազգային միասնականութիւնը չի՛ կրնար պահպանուիլ միայն պատմական յիշողութեամբ կամ զգացական կոչերով։ Ան պէտք ունի յստակ տեսլականի, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան։ Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարու կարիքն ունին ո՛չ միայն ճգնաժամային պահերուն, այլեւ՝ երկարաժամկէտ ապագայի կառուցման ընթացքի մը համար։ Միայն այդ կերպ կարելի պիտի ըլլայ վերածնիլ համահայկական այն գաղափարը, որ տասնամեակներ շարունակ պահած է հայ ժողովուրդի միասնականութեան զգացումը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան