ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՆԿՈՒՄ
Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշները կը շարունակեն նուազիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան առընթեր հասարակական խորհուրդի նիստին այս մասին ահազանգ հնչեցուց նախարար Արսէն Թորոսեան։
Այսպէս, նախարարը դիտել տուաւ, որ կը նուազի նաեւ պտղաբերութեան գործակիցը՝ վերարտադրողական տարիքի կնոջ մը կողմէ աշխարհ բերուած երեխաներու միջին թիւը։ «Կան գործօններ. օրինակ՝ ամուսնութեան տարիքը, որոնք պետութիւնը չի կրնար ուղղակիօրէն փոխել։ Սակայն, եթէ պտղաբերութեան ցուցանիշը աւելի նուազի, ապա սա որեւէ երկրի համար լուրջ խնդիր կ՚ըլլայ», ըսաւ Արսէն Թորոսեան, որ համոզուած է, թէ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է փոխել հանրային մտածելակերպը եւ պետական աջակցութեան ծրագրերու միջոցաւ խրախուսել ծնելիութեան աճը։
Երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ ծնելիութեան անկումը կը դասուի երկրի դիմագրաւած ամենալուրջ մարտահրաւէրներու շարքին՝ քանի որոշ շեմէ մը անդին սա արդէն կրնայ ուղղակի սպառնալիք մը դառնալ նաեւ պետութեան յարատեւութեան տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը զաւկի տէր ընտանիքներու համար բնակարանային աջակցութեան ծրագրեր մշակած է։