ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն հաւաքի շրջանակներէն ներս, փոխ-նախարարը տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ քաղաքական եւ խաղաղաշինութեան հարցերով տեղակալ Ռոզմարի տի Քարլոյի հետ։

Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան այս առթիւ ներկայացուց Հարաւային Կովկասէ ներս հաստատուած խաղաղութեան ապագայ ամրապնդման միտուած ջանքերը։ Ան կարեւորեց փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացումը եւ փոխկապակցուածութեան խթանման ուղղեալ ծրագրերու իրականացումը՝ տարածաշրջանի ներուժի լիարժէք իրացման համատեսքին մէջ։

Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան եւ Ռոզմարի տի Քարլօ անդրադարձան «ՄԱԿ80» բարեփոխումներու գործընթացին։ Այս համատեսքին մէջ Աբիսողոմոնեան ընդգծեց զարգացման համագործակցութեան, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան եւ կանխարգիլման օրակարգի շրջանակներէն ներս ՄԱԿ-ի կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ՝ հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ նախատեսուած COP17 համաժողովին ընդառաջ ձեռնարկուած նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Ի լրումն այս բոլորին, Ռոզմարի տի Քարլօ եւ Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026