ԴԻՒՑԱԶՆԱՇՈՒՆՉ ՍԻԱՄԱՆԹՕՆ

15 օգոստոսին է ծնած 1915-ի Մեծ Եղեռնին սպաննուած արեւմտահայ քեթողութեան գագաթներէն՝ Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան՝ բուն անունով, Խարբերդի նահանգի Ակն քաղաք, 15 օգոստոս 1878 - Անգարա, 1915):

Տարիներ ետք, իր նահատակութենէն տարի մը առաջ՝ 1914-ին, Պոլսոյ «Նաւասարդ» տարեգիրքին մէջ, Սիամանթօ փառաբանանքով հանդէս պիտի գար Նաւասարդեան տօներու մեր ցեղի բեղունութեան, արգասաւորութեան խորհրդանիշ առ Անահիտ դիցուհին, անոր «ադամանդեայ արգանդին», հիացական ցնծութեամբ դիմելով մեր ցեղը սնուցանող Ոսկեմայր Գեղեցիկին.-

…Լսէ՛ ինծի, Ոսկեղէն-Մայր, քո՛յր արգաւանդ, քո՛յր բարութեան,
Առատութեանց պարգեւիչ եւ Տիրուհիդ հին հայոց,
Նաւասարդի առաւօտով Քու նախկին ցեղդ ահաւասիկ կը ցնծա՜յ…
Թո՛յլ տուր որ ես ծնրադիր ձեւիդ առջեւ աղօթեմ…:

Արուեստագէտ սերունդին խոշորագոյն բանաստեղծներէն ան՝ Սիամանթօն, որ Վահան Թէքէեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Միսաք Մեծարենցի հետ կը կազմեն քառագագաթ քանքարը առաջնագիծի վրայ դասուող արեւմտահայ բանաստեղծութեան: Իր ժամանակաշրջանը՝ համիտեան ողբերգութիւններով իրականացուած, զահանդական հալածանքներով ու հրդեհներով լեցուն, նոյն ատեն կը դրսեւորուի իր ժողովուրդի արդար պայքարին ու յաղթանակին ամուր կառչած մնալու իր հաստատակամութեամբ: Միշտ ժողովուրդին կողքին մաքառելու իր վրիժացայտ կարմիր կամքն ու յանձնապաստան հաւատքը, բանաստեղծը յար մղած են յառելու ծագելիք արդարաքնին արշալոյսին, կապոյտ հորիզոնի անպարագծութեան վրայ զանակ առ զանակ շարելով իր դիւցազնաշունչ բանաստեղծութիւնները՝ առջինեկ «Դիւցազնօրէն»ի ըմբոստագին երգերէն մինչեւ «կարապի երգը» հանդիսացող «Սուրբ Մեսրոպ» պոէմը:

Մեծ դասականներու շարքին, ներաշխարհով խորապէս ռոմանթիք, այլեւ Սէմպոլիսթ դպրոցի կարկառուն ներկայացուցիչներէն մին, իրապաշտութեամբ սնանող արտասուաթուրմ - ո՛չ լալկան - բանաստեղծութիւնները Սիամանթոյի՝ հայրենի երկրին ու ծննդավայրին, պարտէզներուն, անտառներուն ու առուակներուն, հովիտներուն ու դաշտերուն դիմող ուժականութիւն կը դրսեւորեն, առնավայել գրաւչութիւն ունին անխառնօրէն եղբայրական, որոնք սնուցիչ սէր յորդեցնող տպաւորիչ պատկերներով եւ պարտասիլն հեգնող հզօրութեամբ, մինչեւ իր եղերական կեանքին վերջը, բոմբիւնամբարձ երգեց ան, ի վերջոյ իյնալով եղեռնահար՝ 1915-ին, «թքելո՛վ մարդկային արդարութեան ճակատին…»:

Առողջ ազգայնականութեան վրայ խարսխուած ու դէպի երկինք աշտարակուող իր հզօր երգերուն երկնաճեմ երեւակայութեան երիվարն իսկ ինք ըլլալով՝ Վարուժանին հետ մանաւանդ, 1910-1913 թուականներուն, Մեծարենցի վաղաժամ մահէն ետք, «գրաւեր էին» բանաստեղծական արուեստի փառքի աթոռը պոլսահայ գրական շրջանակներու եւ ընդհանրապէս ժողովրդային հոծ զանգուածներու մէջ: Վահան Թէքէեան բանաստեղծը նոյն շրջանակներուն մէջ որոշ հատուածի մը կողմէ անտեսուելու, նսեմացուելու անողոք քաղաքականութեան ենթարկուելով, կը վրդովեցնէր հարկաւ զգայուն սիրտը խոնարհ քերթողին, «Հոգեր»ի երգիչին, որուն հանդէպ ժողովուրդէն գալիք արդար գնահատանքը կ՚ուշանա՜ր ու կ՚ուշանար, մինչեւ որ 1914-ին, լոյսի բարիքին գալով ապագայ «Բանաստեղծութեան իշխան»ի երկրորդ քերթողագիրքը՝ «Հրաշալի յարութիւն»ը, պիտի գար վաւերական բանաստեղծի անունն ու տեղը ապահովելու Վարուժանի եւ Սիամանթոյի երկերուն կողքին:

Միւս կողմէ պիտի ընդգծել, թէ 1900-ի սկիզբներէն սերտ են եղած Թէքէեան-Սիամանթօ յարաբերութիւնները՝ հակառակ իրենց գաղափարական հակադիր դաւանանքին: Ուշագրաւ էր նաեւ անոնց միջեւ նամակագրական մնայուն կապը: Արդարեւ, Սիամանթոյի երախայրիքէն՝ «Դիւցազնօրէն»էն (1902, Փարիզ) քիչ առաջ արդէն լոյս էր տեսեր Թէքէեանի երախայրիքը՝ «Հոգեր»ը (1901, Փարիզ), ինչպէս նշեցինք: Այսպէս, Թէքէեան՝ առաջիններէն, կը փութար Մարսէյլէն գրել Սիամանթոյին. «…Որչափ անգամ տարիէ մը ի վեր ուզեցի գրել քեզի ու հիմա, որչափ սիրով, իմ մենութեանս մէջ պիտի ուզէի լսել քու եղբայրական ձայնդ: Ի՛նչ հազուագիւտ բան է, գիտե՞ս, երկու հոգի, որոնք զիրար կը հասկնան եւ ինչպէ՜ս պէտք է սկսուած ծանօթութիւնը մշակել, հերկել, մեր բանաստեղծի հոգիներուն վայելքին համար…»: Իսկ Արշակ Չօպանեան, նոյնպէս բարձր գնահատելով Սիամանթոյի Աստուածառաք տաղանդը, նոյն օրերուն կը գրէր իր «Անահիտ»ին մէջ. «Ամենէն հզօր տեսիլքներէն է «Դիւցազնօրէն»ը, զոր հայ միտքը յղացած ու պղնձի մէջ քանդակած ըլլայ: Եարճանեան, իբր ճշմարիտ արեւելեան միտք, անխառնօրէն ռոմանթիք է. իրմէ աւելի ռոմանթիք բանաստեղծ չենք ունեցած, նոյնիսկ անոնց մէջ, որ պատմականօրէն «Ռոմանթիք» կոչուած շրջանին ապրած են. իր արուեստը բացարձակ ներհակն է դասականին: Մեր Ակնը կրնայ պարծենալ, որ տուած ըլլալէ յետոյ այն հրաշալի դասականը, որ Քուչակն է, մեր օրերուն մէջ տուաւ հայութեան՝ այս հերարձակ, մրրկաշունչ ու փայլակնացայտ ռոմանթիքը, որ Եարճանեանն է»:

Սիամանթօ, ծնեալ Ակն, իր կրթութիւնն ստացած է Պոլսոյ Գումգաբուի Միրիճանեան դպրոցի եւ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ: 1894-1896 թուականներուն Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համիտեան ողբերգութիւններուն պատճառով, շատ մտաւորականներու նման կը մեկնի Գահիրէ կամ այլուր, իսկ 1897-ին՝ Ժընեւ, այնուհետեւ Փարիզ, ուր իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի Սորպոնի գրական դասընթացքներուն:

Առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Աքսորուած խաղաղութիւնը» (աւելի ուշ՝ «Մահուան տեսիլք»), որ յայտնի է «Կոտորած» խորագիրով, լոյս կը տեսնէ 1898-ին, Մանչեսթըրի «Վաղուան ձայնը» թերթին մէջ: Յաջորդ տարուան սեպտեմբերին, Լոնտոնի մէջ Լեւոն Բաշալեանի հրատարակութեամբ լոյս տեսնող «Նոր կեանք»ին մէջ կը տպուի «Արիւնին քերթուածը» շարքին «Կամարակապ» քերթուածը, Ատոմ Միրզա ստորագրութեամբ, որ չհաւնելով՝ իսկոյն կը փոխէ եւ կը սկսի ստորագրել Սիամանթօ: Այնուհետեւ ժամանակի զանազան պարբերաթերթերու մէջ լոյս կը տեսնեն իր բանաստեղծութիւնները: 

«Դիւցազնօրէն»էն ետք, 1905-ին, 1906-ին եւ 1908-ին հրատարակութեան կը յանձնէ «Հայորդիներ»ու երեք շարքերը, որոնց մէջ ան կ՚երգէ իր ժողովուրդին կրած տառապանքներն ու ողբերգութիւնները…:

1907-ին՝ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» եւ 1909-ին՝ «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» հատորներու լոյս ընծայումէն ետք, ան կը հռչակուի իր ցեղի տառապանքներուն եւ պայքարներուն համբաւեալ երգիչը: 1910-ին կը հրաւիրուի Ամերիկա. վերադարձին կը ձեռնարկէ «Հայրենի հրաւէր» խորագրեալ քերթողագիրքի հրատարակութեան, որուն 12 բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն ան սրտագին կոչ կ՚ընէ օտար ափերու վրայ ապրող տարագիր հայերուն՝ մասնաւորապէս ամրապնդելու հայահաւաքի ու հայրենադարձութեան գաղափարը: Յիշեալ հատորին մէջ «Այգեկութք» բանաստեղծութիւնը մեր հայրենաւանդ ապրումներուն կը բերէ յատկապէս Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին ոգեւորիչ մթնոլորտը անցեալի, մեզի կարկառելով խաղողին ու գինիին փառաբանանքը: Այս հոգեպարար տօնին առիթով կու տանք որոշ տողեր նշեալ ոգեշնչող քերթուածէն.- 

…Այգեկութքի արշալոյսն էր այս առաւօտ,
Հին օրերու նոյն աղբիւրն, հնձանին դէմ՝
Մեր մանկութեան հայելին եղած աւազանին մէջը կ՚երգէր,
Այնպէս երգ մը որ միմիայն որբութիւնը կը հասկնայ…:
Այգիներուն մէջ ողկոյզները որթերէն վար,
Տարագրին ճամբաներուն դէմ սպասող՝
Յոյսէն վառուած սրտերուն պէս կ՚այրէին…:
Եւ բիւրաւոր հատիկները ամէնօրհնեալ խաղողին,
Հայրենիքիդ կապոյտին տակ վերածաղկող՝
Գիշերներու աստղերուն չափ էին անթիւ…:

Անկարելի է առանց խոր ապրումի եւ յուզումի կարդալ դիւցազնաշուչ մեծ քերթողին «Ափ մը մոխիր, հայրենի՜ տուն», «Պարը», «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ», «Քնարիս լարերը դեռ թաց ան», «Անդրանիկ», «Կախաղաններու կատարէն», «Հայ դաշտերուն պաղատանքը», «Խեղդամահ», «Արիւնին քերթուածը», «Հարսին երազը» քերթուածներն ու շատ ուրիշներ, որոնք անխառն վիշտով ու ցաւով խորապէս ճանչցան հայուն անհո՜ւն տառապանքները:

Սիամանթոյի ճակատագրակից ու եղեռնահար միւս մեծ քերթողը՝ Դանիէլ Վարուժան իրաւացիօրէն գրած է. «Երեւակայութիւնը Սիամանթոյի տաղանդին ամենէն տիրական գիծն է: Ան իրերը եւ դէպքերը բոլորովին նոր եւ ինքնայատուկ ձեւով մը կը դասաւորէ եւ կը գունագեղէ: Կիկլոպ մըն է քերթողը, այն սարսափելի աչքը, զոր Աստուած Իր լուսեղէն մատով բացած է ըղեղին վրայ: Թէ՛ խոշորացոյց մըն է եւ թէ՛ գեղադիտակ մը, որ ամէն բան կը տեսնէ հսկայական համեմատութեամբ: Երեւակայութեան միացած գաղափարականը՝ հռետորութիւնը կը ծնի: Երեւակայութեան միացած զգացումը կը ծնի վսեմը: Եարճանեանի արուեստը արդիւնք է այս երկու զուգաւորումներուն…» 

1912-ին Սիամանթօ կրկին Պոլիս է: 1913-ին կ՚այցելէ Թիֆլիզ, ուր խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն Յովհաննէս Թումանեանն ու արեւելահայ անուանի այլ գրողներ: Թումանեան կը յորդորէ, որ Սիամանթօ մնայ Թիֆլիզ, բայց վերջինին ընտրանքը կ՚ըլլայ վերադառնալ Պոլիս: Այնուհետեւ ան կ՚այցելէ Պաքու, Էջմիածին եւ հայկական պատմական այլ վայրեր: Պոլիս վերադարձին լոյս կ՚ընծայէ իր «կարապի երգը»՝ «Սուրբ Մեսրոպ» (1913) երկարաշունչ եւ իր գլուխ-գործոցը համարուող պոէմը, որ սերտ աղերսներ ունի Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ պոէմին հետ: «Սուրբ Մեսրոպ»ը նուիրուած է «Օշականի անհուն մեռեալ»ին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, հայոց գիրերու գիւտին 1500-ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակին: Պոէմը՝ «Ներբողական», «Սուրբին աղօթքը», «Տեսիլքը» եւ «Գիւտին փառքը» չորս գլուխներէ բաղկացած ադամանդազօդ այն ներբողերգութիւնն է, որ երբեւիցէ երկնուած ըլլայ մեր Առաջին Դաստիարակին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յոբելեանին: 

Սիամանթօ հանդիսացաւ այն անզուգական բանաստեղծը, որ ձեւ տուաւ ազատ չափի բանաստեղծական արուեստին, եղաւ անոր հիմնադիրն իսկ, հարստացուց եւ զարգացուց արեւմտահայ լեզուն՝ բառամթերքով ու լեզուամտածողութեամբ, ոճային իւրօրինակ յատկանիշերով:

Մեծ բանաստեղծը իր միւս գրչեղբայրներուն՝ Դանիէլ Վարուժանի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Երուխանի, Թլկատինցիի եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներու հետ զոհ գնաց 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն: 

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026