ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ
Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուեցաւ յոբելենական պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ պատմական եւ փառաշուք իրադարձութիւն մըն էր։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ շատ խորհրդանշական իրադարձութիւն մըն էր այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որ կազմակերպուած էր ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ դարձաւ իսկապէս յաջողութեամբ պսակուած նախաձեռնութիւն մը։ Սեպտեմբերի 21-էն ի վեր, աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ պաշտօնական ընդունելութիւններ կը կազմակերպուին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 35-ամեակին առթիւ։ Այդ շղթային վրայ աւելցած ուշագրաւ օղակի մը վերածուեցաւ Իսթանպուլի մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկը՝ նախաձեռնութեամբ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան։ Հաւաքը խորհրդանշական նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերրիս Էքինճի եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները հնչեցին ընդունելութեան ընթացքին՝ ազդարարելով բարիդրացիական համագործակցութեան նոր հորիզոնները, որոնք նոր տեսլական մը կը բերեն տարածաշրջանի ապագային, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հաստատութենական։
Փոխ-նախարար Պերրիս Էքինճի ընդունելութեան մասնակցեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի բաժանմունքի ղեկավար Այշէ Ուզէլի եւ նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Մեհմէտ Մուսթաֆա Կէօքսուի։ Բացի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներէն, ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ։ Յայտագրի ընթացքին Նաիրի Պետրոսեանի առընթեր Պերրիս Էքինճի եւ Լազար Քոմանեսքու եւս հանդէս եկան ելոյթներով։ Յաջորդած երաժշտական կատարումներն ալ բարձր տրամադրութիւնը գագաթնակէտին հասցուցին՝ Թաքիսի «InterContinental» պանդոկի վերնայարկին մէջ, Իսթանպուլի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ կազմակերպուած ընդունելութեան սրահի երդիքին տակ։ Հակառակ աննպաստ օդին, հոծ թիւով ներկաներ մասնակցեցան ձեռնարկին։ Թէ՛ Նաիրի Պետրոսեան եւ թէ Պերրիս Էքինճի դրական պատգամներ տուին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փուլին կապակցութեամբ։ Նաիրի Պետրոսեան մասնաւորապէս ընդգծեց երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրսեւորուած ամուր քաղաքական կամքը։
ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութեան եւ խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատակիցներուն, Իսթանպուլի դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչներուն, Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարող աւագ հիւպատոսներու առընթեր, պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած էին հասարակական գործիչներ, գործարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ վերլուծաբաններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հետամուտ ջանք ու վաստակ ներդրած զանազան անձնաւորութիւններ։ Բոլորին տեսակէտէ իսկապէս տօնական բնոյթ ունէր այս հաւաքը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ թրքահայ շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Բացի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանէն, համայնքային շրջանակներէն ընտրեալ վարիչներ եւ Հայաստանի ներկայացուցչութեան բազում բարերարներ փութացած էին շնչելու այս ուրոյն հանդիսութեան մթնոլորտը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներ եւ այլ գործիչներ ալ ներկայ էին ընդունելութեան։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի մասնակցութիւնը։ Նաիրի Պետրոսեան ամենայն պատշաճութեամբ ողջունեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի մասնակցութիւնը՝ իր հետ ունենալով անմիջական զրոյց մը։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի քարտուղարուհի Մութեպեր Եըլմազճան, յոյն համայնքի յառաջատար դէմքերէն Լաքի Վինկաս եւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն այլ ներկայացուցիչներ ալ մասնակից եղան հանդիսութեան։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած այս ընդունելութիւնը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Նաիրի Պետրոսեան ամէն մանրամասնութիւն հաշուի առնելով կազմակերպած էր ձեռնարկը՝ իր կողքին ունենալով ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանն ու քարտուղարուհի Էրլին Իսփիրօղլուն, որոնց նկատմամբ արտայայտեց իր բարձր գնահատանքը։
Ընդունելութեան տեւողութեան ներկաները հնարաւորութիւն ուենացան համտեսելու հայկական քոնեաք՝ մինչ բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի ներկայ թափով շարունակուիլը եւ ի կատար ածուիլը՝ ցամաքային սահմանի բացումով եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումով։
