ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԷՏՔ Է ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ որեւէ կասկած չունի, թէ յառաջիկայ յունիսի 7-ին երկրի քաղաքացին տէր պիտի կանգնի խաղաղութեան։

Մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութեան նախօրեակին, վարչապետ Փաշինեան շրջայցեր կը կատարէ ամբողջ երկրին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ըսաւ. «Մենք ունինք խաղաղութիւն, սակայն, ժողովուրդը նաեւ պէտք է տէր կանգնի այդ խաղաղութեան։ Այժմու խաղաղութենէն նահանջելը կը նշանակէ պատերազմ՝ յանուն աւելի լաւ խաղաղութեան»։

Անդրադառնալով ընդդիմութեան քննադատութիւններուն՝ վարչապետը աւելցուց. «Կ՚ըսեն, թէ խաղաղութիւնը արժանապատիւ չէ։ Իսկ Հայաստանի երեսուն տարուան կախուած վիճակը աւելի՞ արժանապատիւ էր»։ Ան աւելցուց, որ յառաջիկային հանրութեան պիտի ներկայացուին՝ ցարդ ձեռք բերուած սպառազինութիւնները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ մօտալուտ ընտրութեան վրայ արտաքին միջամտութեան ռիսք կը տեսնէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026