ՇԱՀՊԱԶ ՇԵՐԻՖ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Միջազգային բեմահարթակի վրայ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իրանի միջեւ ծաւալուած միջնորդական գործունէութեան։ Մինչ ԱՄՆ-Իսրայէլ դաշինքը Իրանի դէմ երկշաբաթեայ հրադադարի համաձայն գտնուած է, այս ժամանակաշրջանին ջանքեր կը գործադրուին խնդիրները դիւանագիտական ճանապարհով, վերջնականօրէն կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջնորդի հիմնական դերը վիճակած է Փաքիստանին։ Իսլամապատի ղեկավարութիւնը կը հիւրընկալէ բանակցութիւններ եւ իր կողմէ կը ներդնէ այլ զանազան ջանքեր։ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ Փաքիստանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ, ըստ էութեան, ակնկալուած արդիւնքները հարիւր տոկոս չեն ապահովուած։ Ուստի, յաւելեալ ջանքեր գործադրելու համար ենթագետին մը կը պատրաստուի։ Այս ամբողջին մէջ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ կը ձեռնարկէ ուղեւորութեան մը, որու ծրագիրը կը ներառէ նաեւ Թուրքիան։ Շահպազ Շերիֆ այս օրերուն իրերայաջորդ կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար, ուրկէ վերջ պիտի հասնի Թուրքիա։ Այս շաբաթավերջին ան պիտի գայ Անթալիա։ Բացի Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ, Շահպազ Շերիֆ պիտի ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Անգարա-Իսլամապատ առանցքին վրայ սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալուի՝ տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման առաջադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026