ԱՐԱՂՉԻ-ՃԱՅՇԱՆՔԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Նիւ Տելհիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները ծաւալեցին արդիւնաւէտ զրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները: Ապպաս Արաղչի պարզապանեց, որ Իրան միշտ կը կատարէ պատմական պարտականութիւնը՝ որպէս Հիւրմիւզի ջրանցքի անվտանգութեան պաշտպան: 

Միեւնոյն ժամանակ, Թեհրան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ընդգծուեցաւ, որ Իրան բոլոր հարեւան երկիրներուն համար յուսալի գործընկեր մըն է եւ անոնք կըր-նան յոյսը դնել առեւտուրի գործընկերութեան վրայ: 

Վերջին օրերուն Իրանի ղեկավարութիւնը յայտարարած էր, որ Հիւրմիւզի ջրանցքէն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք երկրի զօրքերուն հետ կը համագործակցին:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026