TRIPP-Ը ՄԻՇՏ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ այլ տարածաշրջաններու իրադարձութիւններուն, նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն շուրջ։ Ֆիտան եւ Պայրամով վերահաստատեցին իրենց ընդհանուր համոզումը, թէ հակամարտութիւններն ու ռազմական բախումները պէտք է կարգաւորուին քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով։

Հաքան Ֆիտան եւ Ճէյհուն Պայրամով մասնաւորապէս շօշափեցին տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ հարցերը։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Իրանի շուրջ եւ Սեւ ծովէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ շփումները կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն։ Ան երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բնութագրեց՝ որպէս աշխարհի վրայ աննման։ Իր խօսքով՝ երկկողմանի համագործակցութեան բոլոր  ոլորտները արտացոլուած են Շուշիի հռչակագրին մէջ։ 

Իր կարգին, Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը զարգանան՝ «Մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն» կարգախօսին համահունչ։ Ան յայտնեց, որ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներէ ներս կը շարունակէ խորանալ։ 

Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ քննարկումներու ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները։ 

Հաքան Ֆիտան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կարեւոր դեր ունին Միջին միջանցք նախագծի իրագործման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ նախարար Ֆիտան խօսեցաւ TRIPP նախագծի մասին՝ այդ մէկը ներկայացնելով որպէս Թուրքիոյ եւ թրքական աշխարհի միջեւ կապ ապահովելիք նախագիծ մը։ Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Կարս-Տիլուճու երկաթուղին ալ այդ նախագծին մաս կը կազմէ եւ անոր շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ 2029 թուականը։ 

Նախարար Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Անոնք անդրադարձան ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան կարեւորութեան։ Նախարարն ու նախագահը կարծիքներ փոխանակեցին դէպի ուժանիւթակիրներու միջազգային այլընտրանքային շուկաներ նոր երթուղիներու շուրջ։ Ֆիտան եւ Ալիեւ անդրադարձան Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններու հեռանկարներուն, կանգ առին տարածաշրջանային խնդիրներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու վրայ։ 

Միւս կողմէ, հաւանական է, որ մօտաւոր ապագային, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունենայ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը նախատեսուած է Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի նոր՝ 81-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներու շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026