CICA-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ՝ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Երէկ, Ատրպէյճանի հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ՝ Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու խորհրդակցութեան (CICA) 7-րդ գագաթաժողովը։ Այս առթիւ, Պաքուի մէջ համախմբուեցան միջազգային դերակատարներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք հիւրընկալուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հաւաքի մասնակիցներու շարքին էին՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ի, Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոք եւ բազմաթիւ դէմքեր։
Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Բաց աստի, ան տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու նախարարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան առեւտրատնտեսական եւ ուժանիւթի բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան։ Լաւրով Պաքուի մէջ առաջարկեց, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած խորհրդատուական «3+3» ձեւաչափով հարթակի յաջորդ ժողովները նախ տեղի ունենան Ատրպէյճանի, իսկ աւելի վերջ՝ Հայաստանի մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ֆիտան-Լաւրով տեսակցութեան ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն եւ տարածաշրջանի իրադրութեան շուրջ։ Բացի Ֆիտանէն, Լաւրով տեսակցեցաւ նաեւ Վան Իի հետ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ հիւրընկալեց Վան Ին։
Ի լրումն այս բոլորին, Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Իսհաք Հերցոքը։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերուն շուրջ։
Հերցոք բարձր գնահատեց Ասիայէ ներս համագործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու խորհրդակցութեան շրջանակներէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ տարուած աշխատանքը՝ որպէս շրջանային նախագահ երկիր: Իր խօսքով՝ այդ աշխատանքները ուղղուած են գործնական համագործակցութեան ընդլայնման եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ուժեղացման: Իր կարգին, Ալիեւն ալ ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել այս կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ գործնական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։
