COP-17 ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Հայաստան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու 17-րդ համաժողովը՝ «COP-17»ը, որու առթիւ Երեւանը կը համախմբէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ ղեկավարներ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալեն գագաթաժողովին մասնակից երկիրներու առաջնորդները կամ պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Հարկ է նշել, որ «COP-17»ին առթիւ Երեւանի մէջ կը գտնուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Զուիցերիոյ փոխ-նախագահ ու արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ, Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճոմերթ Թոքայեւ եւ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ: Թուրքիան գագաթաժողովին մասնակցութիւն կը բերէ նախարարի մակարդակով: «COP-17» հաւաքը տեղի կ՚ունենայ՝ բնութեան համար շարժման անցնելու հետամուտ կարգախօսով:

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ տեղի ունեցաւ գագաթաժողովի բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութիւնը: 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրուան տեւողութեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Անթոնիօ Կութերեսի եւ Իկնացիօ Քասիսի հետ: Հարկ է նշել, որ Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց Պաքուի հայ գերիներու վերադարձի հարցի լուծման ուղղութեամբ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելեց նաեւ Մատենադարան, իսկ «COP-17»ի կազմակերպուած համալիրէն ներս ներկայ գտնուեցաւ հայկական տաղաւարի բացման: Երեւանի մէջ Անթոնիօ Կութերեսին կ՚ընկերանայ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեան: Իր կարգին Իկնացիօ Քասիսն ալ օրուան տեւողութեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Ան համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը արդէն իրատեսական է: 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան-Անթոնիօ Կութերես հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան բազմաթիւ խնդիրներ: Վարչապետը ողջունեց ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան: Իր խօսքով՝ Կութերես կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի երկրորդ ընդհանուր քարտուղարը, որ կ՚այցելէ Հայաստան: Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան կարեւորեց վերջին ութ տարիներու համատեղ աշխատանքը: Ան նշեց, որ այդ ընթացքին շատ բաներ տեղի ունեցան տարածաշրջանէն ներս եւ աշխարհի վրայ: Իր խօսքով՝ ՄԱԿ-ի դերին վերաբերեալ նիւթը բոլոր տեսակի քննարկումներու կեդրոնին կը գտնուի, միջազգային ասպարէզի վրայ անընդհատ կը քննարկուի բազմակողմանիութեան կարեւորութիւնը: «Կը թուի, թէ շատ միջազգային խաղացողներ շատ կը փափաքին տեսնել այդ բազմակողմանիութիւնը՝ լաւ հասկնալով ՄԱԿ-ի դերը: Դժբախտաբար, սակայն, շատ տեղերու մէջ մենք կը տեսնենք միակողմանիութիւն եւ աշխարհի վրայ իրավիճակը հետզհետէ կը բարդանայ: Բարեբախտաբար, մեր տարածաշրջանէն ներս շատ դժուար իրադարձութիւններու մէջէն անցնելէն յետոյ, մենք ի վիճակի եղած ենք փոխելու իրավիճակը եւ հիմա մեր գլխաւոր նպատակն է հասնիլ վերջնական կէտին: Ես նկատի ունիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը: Սա մեր հիմնական նպատակն է եւ մենք պէտք է կեդրոնանանք անոր վրայ, որովհետեւ սա իրականացնելը դիւրէն չէ, բայց, միւս կողմէ մենք պէտք է ըլլանք հնարաւորինս կեդրոնացած այդ նպատակին վրայ», ըսաւ Փաշինեան: 

Անդրադառնալով «COP-17»ը գագաթաժողովին՝ վարչապետը նշեց, որ սա ամենամեծ միջոցառումն է, որ երբեւէ կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ սա տեղի կ՚ունենայ բարձր մակարդակով: 

Իր կարգին, Անթոնիօ Կութերես շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ «COP-17»ը համաժողովի լաւագոյնս կազմակերպման համար: «Կը փափաքիմ շնորհաւորել Հայաստանը, որովհետեւ այս համաժողովը չափազանց լաւ կազմակերպուած է: Իմ գործընկերները կը պատմեն, որ բանակցութիւններուն համատեղ յայտարարութեան կամ համաձայնութեան հասնիլը միշտ դժուար է: Հայաստան ցուցաբերած է արտակարգ դիւանագիտական կարողութիւն՝ գործելով հրաշքներ, միաւորելով տարբեր կարծիքներ եւ տեսակէտներ: Այն բոլոր ոլորտներէն ներս, ուր COP-ը կ՚աշխատի՝ կենսաբազմազանութիւն, կլիմայ, իսկապէս հայկական ղեկավարութեան ու դիւանագիտութեան որակը աչքի կը զարնէ», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը:

Միեւնոյն ժամանակ, Կութերես կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ այդ գործէն ներս ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեանի անձնական ներդրումը: 

Զրոյցի տեւողութեան վարչապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը կարծիքներ փոխանակեցին «COP-17» համաժողովի կազմակերպման, նախատեսուած քննարկումներուն շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն՝ ներառեալ TRIPP նախագծի իրագործման ընթացքը: Երկուստեք ընդգծուեցաւ վերոյիշեալ նախագծի կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման եւ փոխկապակցուածութեան խթանման տեսակէտէ:

Միւս կողմէ, Քասըմ Ճոմերթ Թոքայեւն ալ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան մերձեցումը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Արեւելք-Արեւմուտք կապերուն համար: 

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2026