ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Յառաջիկայ յունիսի 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Հայաստանի մէջ, ընդդիմութեան ճամբարէն ներս իրերայաջորդ ուշագրաւ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Երէկ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած նախընտրական հանդիսաւոր հաւաքով մը յայտարարուեցաւ՝ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի թեկնածութիւնը։

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս գլխաւոր ընդդիմադիրի դերակատարութեամբ «Հայաստան» դաշինքը, որու առանցքը կը կազմէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, երէկ անգամ մը եւս վարչապետի թեկնածու առաջադրեց երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Այսպէս, «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխանի թեկնածուներու ցուցակը պիտի գլխաւորէ Ռոպերթ Քոչարեան, որ երէկ հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը։ 

Իր հոծ թիւով համակիրներուն առջեւ Ռոպերթ Քոչարեան յիշեցուց, որ առաջին իսկ օրէն այժմու իշխանութիւններու դէմ պայքարի դուրս եկած է։ Ան ընդգծեց, որ այս փուլին ալ իրենց միակ նպատակն է յաղթանակ տանիլը։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026