ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Իսլամական աշխարհի ծոմապահութեան՝ Ռամազանի շրջանին Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները կը շարունակեն կազմակերպել իֆթարի սեղաններ։ Այս ամբողջին մէջ, յոյն համայնքը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց ընթրիք մը, որ զուգադիպեցաւ իսլամաց օրացոյցի կարեւորագոյն փուլերէն վեհութեան գիշերին (Քատիր կեճէսի)։

Պէյօղլուի «Զողրաֆիոն» յունաց լիսէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ իֆթարի սեղանը՝ հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. տիեզարական պատրիարքին։ Երեկոյթի հրաւիրեալներու շարքին էին Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սեւան Սվաճըօղլու, Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, «Զերօ արտանետում» հիմնարկի ղեկավար Սամեթ Աղըրպաշ, Պէյօղլուի շրջանի փոքրամասնութեանց վաքըֆներու վարչայինները, վարժարաններու տնօրէններն ու փոխ-տնօրէնները, մարզական եւ այլ ակումբներու վարչայինները, ինչպէս նաեւ դիւանակալներ։ Յոյն համայնքին առընթեր հայ եւ ասորի համայնքներէն եւս ներկայացուցիչներ համախմբուած էին իֆթարի սեղաններուն շուրջ։

Օրուան հանդիսավարն էր՝ RUMVADER-ի ատենադպրուհի Տորա Տիրքուիս։ Հիւրընկալ վարժարանի տնօրէն Եանի Տեմիրճի եւ RUMVADER-ի ատենապետ Եորկօ Փափալիարիս հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Միւճահիտ Ենթիւր, Սեւան Սվաճըօղլու եւ Աթաքան Աթասոյ։

Հուսկ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. տիեզարական պատրիարքը արտասանեց եզրափակիչ խօսքը։ Ան շեշտեց, որ նմանօրինակ հաւաքոյթները հասարակութիւններու միջեւ կը խրախուսեն երկխօսութիւնը, հանդուրժողութիւնն ու զօրակցութիւնը։

Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ, բոլոր ներկաները փոխանակեցին բարեմաղթանքներ՝ մանաւանդ, որ իսլամական աշխարհը կը պատրաստուի նշել Ռամազանի տօնը, իսկ քրիստոնեայ աշխարհը՝ Սուրբ Զատիկը։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026