ՇԱՀՊԱԶ ՇԵՐԻՖԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախատեսուած երկրորդ փուլի բանակցութիւններուն ընդառաջ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ կը շարունակէ իր բազմակողմանի շփումները։ Իսլամապատի մէջ յառաջիկային նոր բանակցութիւններ նախատեսուած են Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ։ Նախօրէին Շերիֆ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային այցելութիւն մը, որու շրջանակներէն ներս երէկ Տոհայի մէջ տեսակցեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համատ ալ Թանիի, իսկ Ճիտէէի մէջ՝ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։
Շահպազ Շերիֆ երէկ իսկ եկաւ Թուրքիա, ուր Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին պիտի մասնակցի եւ պիտի ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Իր կարգին, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ լաւատեսութիւն յայտնեց իր երկրի եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան գոյացման հարցին շուրջ։ Ան պնդեց, որ Իրան համաձայն գտնուած է՝ իր կողմէ հարստացուած ուրանիումը ԱՄՆ-ին յանձնելու ուղղութեամբ։