Ուրբաթ 17, Ապրիլ 2026
ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան արդէն եկած է Պոլիս, ուր կը մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին։ Ընդհանուր քննարկումներու բաժնին մէջ Ալէն Սիմոնեան երէկ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Մեկնաբանելով համաշխարհային առկայ իրադրութիւնը՝ ան ըսաւ. «Հիմա առաջնահերթութիւնները սահմանելու ժամանակն է»։ Սիմոնեան ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ TRIPP-ին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Վեհաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահներու հանդիպումը։
Կը ծրագրուի, որ Ալէն Սիմոնեան վաղը այցելէ նաեւ Պատրիարքարան։
Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026