ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Քաթրին Վոթրէնի կողմէ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարար Պապիկեան այս տեսակցութեան կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ տեսակցութեան կապակցութեամբ ան տեղեկացուց, որ կողմերը բարձր գնահատած են իրենց համագործակցութեան ընթացքը՝ կարեւորելով ձեւաւորուած արդիւնաւէտ գործընկերութեան ապագայ ամրապնդումն ու զարգացումը։
Զրոյցի տեւողութեան Սուրէն Պապիկեան եւ Քաթրին Վոթրէն անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան ընթացքին, զարգացման ու խորացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու։