ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ՀՈՍԱՆՔՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կը շարունակէ բնորոշել միջազգային օրակարգը։ BBC-ի հաղորդումներով՝ Հիւրմիւզի նեղուցէն արդէն սկսած են անցնիլ նաւեր։ Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի երկու երկիրներու միջեւ համաձայնագրի ստորագրումը։ Այդ առթիւ ծրագրուած արարողութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն՝ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղէր Ղալիպաֆ։
Աշխարհ այս պահուն կը հետեւի Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութեան գործընթացի մեկնարկին։ Մինչ այդ, իրերամերժ հոսանքներու մասին լուրեր ալ կը հաղորդուին։ Արդարեւ, Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի մէջ ընդդիմադիր շրջանակները բուռն ձեւով կը քննադատեն՝ այս համաձայնութեան հասած իշխանութիւնները։ Այսինքն, ամբողջ աշխարհի մէջ ողջունելի դարձած այս համաձայնութիւնը ներքին ճակատի վրայ կը յարուցէ որոշ հարցեր։ Յամենայնդէպս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահու այս փուլին դարձած է արդէն հիմնական թիրախը։ Ան կը շարունակէ յառաջ մղել ռազմական գործողութիւնները Լիբանանի մէջ՝ հակառակ անոր, որ ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան կարեւոր բաղկացուցիչներէն մին է այդ երկրէն ներս կրակի դադրեցումը։
Հարցականներով լեցուն այս ժամանակաշրջանին, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ մասնակցեցաւ Մեծն եօթնեակի (G7) գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Էվիան-լէ-Պէն քաղաքին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ։ Այս գագաթաժողովին մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները եւ այլ հրաւիրեալ ղեկավարներ՝ ներառեալ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի։
G7-ի գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան ի նպաստ։ Բաց աստի, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Իտալիա պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները դադրեցնելու ուղղութեամբ։
Այժմ բոլորը կը սպասեն ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ծրագրուած՝ 60-օրեայ բանակցութիւններու փուլին։ Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարներն ալ այս շրջանին ջանք կը գործադրեն Թրամփը համոզելու ուղղութեամբ, որպէսզի չանտեսուին իրենց երկիրներու շահերը։
Իրանի հետ լեզու գտած ԱՄՆ-էն այս փուլին նոր եռանդ կ՚ակնկալուի նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհին։ G7-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Թրամփ հանդիպում մը ունեցաւ Մաքրոնի եւ Զելենսքիի հետ։ Այս կազմակերպութեան երկիրները որոշած են նոր պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսաստանի դէմ եւ նոր զէնք ու զինամթերքի խմբաքանակ տրամադրել Ուքրայնային։
Ռուսաստանի ղեկավարութիւնն ալ այս փուլին կը միանայ ԱՄՆ-ի վերաբերեալ ակնկալութիւններուն, որպէսզի միջնորդական ջանքերը աշխուժանան։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն Մոսկուա պիտի այցելեն՝ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սթիվ Ուիտքոֆ եւ Ճերըտ Քուշնէր։