ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Նախագահականի պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին։ Անցեալ շաբաթ ալ նախագահը ընդունած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանը, որու հետ տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր Իսթանպուլի մէջ, Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ։

Նախագահ Էրտողանի եւ Պարթոլոմէոս Պատրիարքի հանդիպումը համընկնեցաւ հրապարակման այն լուրերուն, ըստ որոնց՝ Մեծ Կղզիի յունաց պատմական որբանոցի շէնքը վարձակալութեան կը տրուի եւ յետ վերանորոգութեան պիտի վերածուի պանդոկի մը։ Ստորագրման արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ յոյն համայնքէն աշխարհական վարիչներ։ Վերանորոգութիւնը պիտի կատարուի՝ աշխարհահռչակ ճարտարապետ Ալեքսանտր Վալորիի վերահսկողութեան ներքեւ։ 128 տարուան այս որբանոցի շէնքը կը հանդիսանայ՝ Եւրոպայի մեծագոյն, իսկ աշխարհի երկրորդ ամենամեծ փայտաշէն կառոյցը։ 1964 թուականէն ի վեր չէր օգտագործուեր այս շէնքը, որու սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026