ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Մոսկուայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։ Այսպէս, Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ մանրամասն քննարկման ենթարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Արդարեւ, կողմերը Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացը կը համարեն տարածաշրջանի խաղաղութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր բաղկացուցիչ մը։

Ուստի, հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան հեռանկարները Մոսկուայի մէջ ենթարկուեցան բազմակողմանի արժեւորման։

Բաց աստի, Ֆիտան եւ Լաւրով ուշադրութեան առարկայ դարձուցին միջազգային հրատապ օրակարգի այլ նիւթերը։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա պատրաստ է՝ որպէս միջնորդ հանդէս գալու Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ կամ հարթակ տրամադրելու բանակցութիւններուն համար։ «Իմ ներածական խօսքին մէջ կը փափաքէի անդրադառնալ Ուքրայնայի հակամարտութեան։ Կը փափաքիմ կրկին կրկնել, որ մեր երկիրը՝ Թուրքիան պատրաստ է ընել իրմէ կախուած հնարաւոր ամէն ինչ։ Սա կը վերաբերի նաեւ միջնորդական դերին, հնարաւոր է Թուրքիա ըլլայ միջնորդ կամ տրամադրէ հարթակ միջնորդական դերակատարութեան համար, որպէսզի այդ պատերազմը աւարտի», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով բանակցութիւններու սկիզբին յայտարարեց, որ Ռուսաստան կը գնահատէ Թուրքիոյ ձգտումը՝ աջակցելու Ուքրայնայէ ներս երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղիներու որոնման։ «Կը գնահատենք մեր թուրք բարեկամներու անկեղծ շահագրգռութիւնը՝ աջակցելու համար Ուքրայնայի շուրջ իրադրութեան արդար, կայուն, երկարաժամկէտ կարգաւորման որոնման», ըսաւ ան։

Մինչ Լաւրով ընդգծեց, որ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ օրակարգը բաւական ծանրաբեռնուած է՝ միջազգային աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Սեւ ծովու անվտանգութիւնն ու այնտեղ նաւագնացութեան կայունութեան երաշխաւորումն ալ ուշադրութեան առարկայ դարձան երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին։

Ֆիտան-Լաւրով տեսակցութեան առթիւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ, կողմերը մանրամասնօրէն անդրադարձան նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութեան։ Ֆիտան յոյս յայտնեց, թէ որեւէ խափանարարութիւն տեղի չ՚ունենար եւ երկու ամսուայ բանակցային շրջանը ժամ առաջ կը հասնի իր աւարտին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026