ՍԻՄՈՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը ոսկէ մետայլով պարգեւատրեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ դերասան ու բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեանը: Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որու այս տարուայ պատուոյ հիւրն է Սիմոն Աբգարեան:
Երէկ, մայրաքաղաքի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Սիմոն Աբգարեանի ի պատիւ մեծարանքի արարողութիւն մը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այս առթիւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնեց Սիմոն Աբգարեանի ոսկէ մետայլը:
«Ոսկէ ծիրան»ի օրերուն Սիմոն Աբգարեան շարժանկարի սիրահարներու եւ ընդհանրապէս գեղարուեստասէրներու բացառիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ: Նախընթաց օր ան մասնակցեցաւ ասուլիսի մը, որ տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնի մեծ դահլիճի երդիքին տակ: Վառ հետաքրքրութեան պայմաններու ներքեւ, Սիմոն Աբգարեան սոյն ասուլիսի ընթացքին պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու: «Ես վիպապաշտ մօտեցում ունիմ արուեստագէտներու նկատմամբ եւ կը կարծեմ, թէ անոնք աւելի հեռուն կը տեսնեն», ըսաւ զրոյցի ընթացքին Սիմոն Աբգարեան: