ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ԼԵՌՆԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահսու կ՚ըլլանք, թէ երիտասարդ երկրաբան եւ թրիաթլէթ Ռոնի Քոլուքըսաեան այս շրջանին հանդէս կու գայ նախաձեռնութիւնով մը, որու նպատակն է մարմնամարզը վերածել զօրակցութեան։ Ռոնի Քոլուքըսաեան, որ կ՚ապրի Ֆրանսայի Կրոնոպլ քաղաքին մէջ, արդէն իր հեծիկով կը ջանայ նպաստել, որպէսզի ծանր հիւանդութիւններէ տառապող մանուկներ կարենան հասնիլ իրենց իղձերուն։ Այս նպատակով ան լեռները յաղթահարած է՝ իր հեծիկով։ Ռոնի Քոլուքըսաեան մասնակցած է Մատլէնի թրիաթլոնին։ Սա Ալպեան լեռնաշղթայի բարդ հատուածներէն ներս կազմակերպուած մրցոյթ մըն էր, որու մասնակիցները ո՛չ միայն հեծանիւով ընթացան, այլեւ որոշ հատուածներու մէջ լողացին եւ այլ մարզաձեւերու ալ հետեւեցան։

Ռոնի Քոլուքըսաեան այս նախաձեռնութեան մասնակցեցաւ՝ ի զօրակցութիւն «Bir Dilek Tut» միութեան, որ հետամուտ է ծանր հիւանդութիւններով վարակուած փոքրիկներու իղձերու իրականացման։ «Triatlon for Wishes» ծրագիրը յառաջ կը տարուի յիշեալ միութեան կողմէ եւ նախկին պոլսահայ, այժմ Ֆրանսա հաստատուած Ռոնի Քոլուքըսաեան արդէն ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հանդէս եկած է այս մարզական շարժումով։

Ռոնի Քոլուքըսաեան ընկերային ցանցերու վրայ մանրամասն հրապարակած է իր նպատակները եւ այս միութեան պատգամներն ու կոչերը լսելի դարձնելու համար հարթակ տրամադրած է բոլորին։ 

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռոնի Քոլուքըսաեանը՝ մաղթելով ապագայ նուաճումներ թէ՛ գիտական եւ թէ մարզական ոլորտներէ ներս։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026