ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՁԱՅՆ

Յայտնի մեներգչուի Սիպիլ կը պատրաստուի ներկայացնել իր նոր երգը, որ կը կոչուի «Կոմիտաս»։ Պոլսահայ համակրելի արուեստագիտուհին, որ վաղուց դարձած է հայկական երաժշտական աշխարհի աստղերէն, արդէն շուրջ վեց տարուան աշխատանքի մը արգասիքը պիտի ներկայացնէ՝ անսահման յուզումով։ «Կան ձայներ, որոնք կը պատկանին ո՛չ միայն պատմութեան, այլ յաւիտենութեան», նշած է Սիպիլ ընկերային ցանցերու վրայ՝ իր նոր երգի առաջին ունկնդրութեան ընդառաջ։ 

Սիպիլ, որ իր իւրաքանչիւր քայլով կը յաջողի ունկնդիրներու սիրտը գրաւել, կը շեշտէ, որ այս նոր ստեղծագործութիւնը պարզապէս երգ մը չէ: Արդարեւ, «Կոմիտաս»ը զգացումներու, ապրումներու եւ երկար ճանապարհի մը արգասիքը կը համարուի։ Սիպիլ կը խոստանայ ջերմ, գեղեցիկ եւ յիշարժան գործ մը եւս իր համակիրներու եւ ունկնդիրներու դատին յանձնել։ Ան յոյս ունի, որ «Կոմիտաս»ը առիթ պիտի դառնայ բաժնելու գեղեցիկ պահեր եւ ստեղծելու յիշողութիւններ, որոնք պիտի պահուին երկար։ 

Սիպիլի նոր երգին՝ «Կոմիտաս»ի առաջին կատարումը նախատեսուած է յաջորդ շաբաթ Երեւանի մէջ։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 22 յուլիսի երեկոյեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնի դահլիճին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Երեւանի սրտին վրայ:

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026