ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ

Մինչ կլիմայի փոփոխութեան եւ բնապահպանութեան մարտահրաւէրները համաշխարհային հրատապ օրակարգի նիւթ դարձած են, երէկ, Երեւանի մէջ այս խնդիրները քննարկուեցան՝ միջազգային վառ հետաքրքրութեան պայմաններու ներքեւ: Այսպէս, ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներուն գագաթաժողովը (COP-17) տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Սա անկախութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի կողմէ հիւրընկալուած միջազգային ամենաբարձր մակարդակի հաւաքոյթը հանդիսացաւ: 

Երեւանի մէջ կազմակերպուած «COP-17» գագաթաժողովին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կենսաբազմազանութեան դէմ սպառնալիք կը համարէ աշխարհի վրայ ստեղծուած կլիմայի քաոսը: Անթոնիօ Կութերես, որ այս գագաթաժողովին առթիւ կը գտնուի Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ, որ իրեն ի պատիւ ընթրիք մըն ալ սարքեց նախագահական ապարանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին նախագահը ջերմօրէն ողջունեց ընդհանուր քարտուղարը՝ գնահատելով անոր կողմէ գործադրուած ջանքերը միջազգային խաղաղութեան ամրապնդման եւ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու ուղղութեամբ։ Խաչատուրեան կարեւորեց Կութերեսի մասնակցութիւնը՝ «COP-17»ի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած առաջնորդներու գագաթաժողովին։ 

Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան տարածաշրջանային խաղաղութեան նշանակութեան, ենթակառուցուածքներու եւ զբօսաշրջութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-ՄԱԿ երկկողմանի ծրագրային համագործակցութեան եւ ՄԱԿ-ի բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցերու։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեան։ 

«COP-17»ը հաւաքը, որ կազմակերպուեցաւ Երեւանի մէջ, որոնումներու ուշագրաւ հարթակի մը վերածուեցաւ՝ միջազգային հրատապ օրակարգի առկայ խնդիրներուն տեսակէտէ։ Պաշարներու եւ հնարաւորութիւններու հաւասարակշռութեան մէջ, առաջնորդները հանդէս եկան յանուն բնութեան։ «COP-17»ը առիթ դարձաւ արձանագրելու համար, որ բնապահպանութիւնը քաղաքական հրամայական մը դարձած է՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան զարգացման համար: 

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ գագաթաժողովի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ շինիչ պատգամներ փոխանցեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին։ «Հարեւաններու պարագային շրջակայ միջավայրի խնդիրները ընդհանուր են», համոզուած է վարչապետը։ 

«COP-17»ին Թուրքիոյ անունով մասնակցեցաւ գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար Իպրահիմ Եումաքլը։ Թրքական պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։ Նախարար Իպրահիմ Եումաքլը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի հետ։ Իպրահիմ Եումաքլը եւ Գէորգ Պապոյեան քննարկեցին Թուրքիա-Հայաստան ուղիղ առեւտուրի հաստատման արդիւնքով ստեղծուած հնարաւորութիւնները: Անոնք անդրադարձան անասնաբուժական հսկողութեան ենթակայ ապրանքներու փոխադրման եւ տարանցման ընթացակարգերուն: Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ երկուստեք հետաքրքրութեան առարկայ եւ տնտեսական օրակարգին վերաբերեալ շարք մը այլ հարցերու շուրջ: 

 «COP-17» գագաթաժողովի աւարտին ընդունուեցաւ Երեւանի յայտարարութիւնը: Սա բնապահպանական խնդիրներու այժմու միջազգային առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է: Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, որ կենսաբազմազանութիւնը եւ էքօհամակարգերու գործառոյթներն ու ծառայութիւնները երկիրներու վրայ կը հանդիսանան կեանքի հիմքը: Անոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին պարենային անվտանգութեան, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ դիմակայութեան, մարդու առողջութեան, տնտեսական բարեկեցութեան եւ կայուն զարգացման ապահովման համար: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուած է ցամաքային, քաղցրահամ ջուրերու, ափամերձ եւ ծովային էքօհամակարգերու, ինչպէս նաեւ ովկիանոսներու, սառցադաշտերու եւ լեռնային տարածքներու պահպանութեան նկատմամբ: Երեւանի հռչակագրին մէջ շեշտուած է, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ այս հիմնախնդիրներու վերաբերեալ արձանագրուած գործնական արդիւնքները խիստ անբաւարար կը մնան:

  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026