ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ
Եթէ իւրաքանչիւր շաբաթ լրատուական մեր միջոցները ողողող նիւթ մը ունինք, ապա, չէ՞ք կարծեր, թէ շատ լուրջ խնդիրներու մէջ ըլլալու ենք մենք:
Ես չեմ կարծեր. վստա՛հ եմ:
Վստահ եմ, որ պանանին, կօշիկին, գուլպային, շատրուանին, երգ ու թմբուկին, գլխարկին, ակնոցին ու հեծանիւին ետե՛ւն են իրականութիւնները:
Աշխարհի ո՞ր պետութիւնն ու վարչապետը, մեզի պէս, հիանալի այս ռազմավարութիւնը բանեցուցած է արդեօք. լրահոսներուն մէջ նետուած գայթակղիչ, «հաճելի» այս տեսերիզներով, հետաքրքրաշարժ այս յայտարարութիւններով բոլորս հաւաքել տեղ մը, լրիւ ա՛յլ տեղ մը կատարուողը չտեսնելո՛ւ եւ անկէ շեղուելու համար:
Բանեցնելը իր հերթին, արդեօք կը յաջողի՞ն:
Վերոյիշեալ խեղկատակութիւնները ցուցադրուած պահուն, մեր գործադրելիք յաջորդ առաջադրանքները յստակացան վերջերս:
Կարեւորին մասին.
Հայրենի թէ՛ սփիւռքի լրատուական միջոցները շաբաթներէ ի վեր, ըստ Ատրպէյճանի պահանջին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխուելիք սահմանադրութեան մասին կը խօսին:
Շատ պարզ ըսենք.
Ուղիղ եթերով խօսողը, նկարներով տեսերիզ մը պատրաստողը, գրողը, բողոքողը, այս նիւթին մասին բոլոր արտայայտուողները այս ըլլալիքին լաւ բան մը չըլլալուն մասին կը զգուշացնեն:
Ծանրակշիռ այս զգուշացումներուն, մարդկանց գիտակցութիւնն ու ուշադրութիւնը սրելու փորձերուն զուգահեռ, «Սահմանդրութեան մէջ ըլլալիք փոփոխութիւնը Հայաստանի ժողովուրդի կեանքին մէջ ի՞նչ պիտի փոխէ»՝ հարցնողներ կան:
Լա՛ւ:
Եթէ պետութեան մը, կայացա՛ծ, Ազգային Սահմանադրութիւն ունեցող ինքնիշխա՛ն պետութեան մը սահմանդրութեան մէջ, ա՛յլ պետութեան փափաքով փոփոխութիւն ըլլալու հաւանականութիւնը կայ, առկայ է, ո՞ւր է, փաստօրէն, այդ պետութեան ինքնիշխանութիւնը:
Փորձենք պարզ մնալ.
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանդրութիւնը հետեւեալ նախադասութեամբ կը սկսի.
«Հայ ժողովուրդը հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակգրում հասատատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները…»:
Ընդգծե՛նք. Հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները:
Բանանք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը, 23 օգոստոս 1990, որուն ներածութեան մէջ, ըստ պաշտօնական Պաքուին, տարածքային պահանջք կայ.
«… Հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբեր 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համատեղ որոշման վրայ…»:
Լեռնային Ղարաբա՞ղ…
Հասկնալի չէ՞, փաստօրէն, խաղաղասէր մեր բարեկամին մտահոգութիւնը:
Լա՛ւ, այս ներածութենէն վերջ, անկախութեան հռչակագիրը ի՞նչ է:
Երկրի դրօշն է, զինանշանն ու քայլերգը:
Արտերկրի հայութեան Հայաստանի քաղաքացիութեան իրաւունքը:
Երկրին սեփական զինուած ուժերը:
Պետական լեզուն՝ Հայերէնը:
1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Ահա հռչակագրի ա՛յս կէտերն են, որոնց հիման վրայ կազմուած է Ազգային մեր Սահմանադրութիւնը:
Դեռ քանի մը ամիս առաջ «Այս հռչակագիրը հակամարտութեան տրամաբանութեան վրայ կառուցուած է», ըսաւ մեր վարչապետը:
Աւելի ուշ՝ «Նոր սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղում ընել, կը նշանակէ շարունակել Ղարաբաղի շարժումը, կը նշանակէ վերադառնալ քոնֆլիքթի»:
Վերադառնալ քոնֆլիքթի…
Լա՛ւ, «Հայաստանի ժողովուրդին շուտով ներկայացուելիք նոր Սահմանդրութեան նախաբանին մէջ յղում կա՞յ», տրուած հարցումին պատասխանը՞.
«Ո՛չ եւ պէտք չէ՛ ըլլայ, եւ այստեղ Ալիեւը որեւէ կապ չո՛ւնի»:
Զարմանալի…
«Սահմանադրութիւնը փոխուի՝ յաջորդ օրը պայմանագիրը պաշտօնապէս կը ստորագրուի», ըսած էր Ալիեւը, Միւնիխի մէջ:
Համեմատե՛նք, եթէ թոյլատրելի է.
Ատրպէյճանը իր 1991-ի Սահմանդրութեան մէջ պահպանած է իր յղումը, որպէս 1918 թուականի հանրապետութեան իրաւայաջորդ պետութիւն, բայց Հայաստանէն կը պահանջէ յղում չընել 1990 թուականին դրուած իր հիմնադիր փաստաթուղթին:
Որպէսզի նոր սահմանադրութիւնը ընդունուի, հանրաքուէի մասնակիցներէն կէսէն աւելին «Այո՛» պէտք է ըսէ. բոլոր ընտրողներուն գոնէ մէկ քառորդը, այսօրուան ցուցակներով՝ մօտ 626,804 մարդ:
Հարցումս.
Նախագահի ու պետական բարձրաստիճան այրերու կողմէն Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համարող, անոր վայրերը, արդէ՜ն, ատրպէյճանական անուններով կոչող, հայատեացութեան ու «վերադարձի» մասին քարոզող, Մեծամօրի աթոմակայանը փակել պահանջող, Հայաստանի անդրսահմանային ջրային «ռեսուրս»ներու եւ գետերու համատեղ կառավարման համար խումբեր ստեղծող, մեր գերիները պահող, զանոնք նուաստացնող, եկեղեցւոյ հալածանքը քաջալերող, ճեփ-ճերմակ, «դատարկ» էջերով մեր մատեաններուն վրայ հանրայայտօրէն քմծիծաղող, «Հայերը երեսուն տարի Շուշին քանդեցին»՝ ըսող, Արցախի հայկական մշակոյթի ժառանգութիւնները մէկ-մէկ ոչնչացնող, մեր հերոսներուն պատկերները հանել տուող, հինգ տարի է, իւրաքանչիւր սեպտեմբեր 27-ի յաղթանակի տօնակատարութեան ընթացքին, ատրպէյճանական զօրեղ բռունցքին տակ ոտնահարուած հայերու պարտութիւնը ծափահարող, հայ զինուորներ սպաննած ատրպէյճանցի զոհերը «Ազգային հերոսներ» հռչակող, զանոնք յաղթանակի ծառուղիին մէջ պարծանքով թաղող ու Հայաստանէն «ներողութիւն» ակնկալող պետութեան մը հետ խաղաղութիւն կնքելու համար, մեր սահմանադրութիւնը փոխելու հանրաքուէ՞ պիտի ընենք:
Հայաստանի մէջ 626,804 մարդ «Այո՞» պիտի ըսէ, թէ «Ո՛չ».
Չե՛մ գիտեր, ցաւօք:
Իսկ եթէ այսքանը ու դեռ գո՛րշ գալիքը չընդունելու հանրաքուէ մը ըլլայ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ