ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆՐԲԱՃԱՇԱԿ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ծիրէն ներս, պատմական «Օփերա Կառնիէ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «THE MUSE, powered by Jardins d’Arménie» բացառիկ ցուցադրութիւնը։ Այս իրադարձութիւնը նշանաւորեց հայկական երկու շքեղ ապրանքանիշերու՝ THE MUSE-ի եւ «Jardins d’Arménie» արքայական քոնեաքի ինքնատիպ համագործակցութիւնը։ Կանանց հագուստի 2026-2027 աշուն-ձմեռ նոր հաւաքածուն ներկայացուեցաւ իբրեւ ստեղծարար երկխօսութիւն այս երկու աշխարհներուն միջեւ, ուր կը միահիւսուին բարձրորակ նորաձեւութիւնը, իւրայատուկ կերպասներու մշակոյթն ու ապրելու արուեստը։
Ձեւաւորող Մանէ Խաչատրեանի հիմնադրած THE MUSE-ը հայկական նորաձեւութեան առաջին տուներէն մին է, որ իր հաւաքածոները ցուցադրած է Միլանոյի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Այս ցուցադրութեան համար ներշնչման աղբիւր ծառայած է «Jardins d’Arménie»ն, որուն միջոցով բացայայտուած են ինքնութեան եւ մշակութային փոխակերպման նիւթերը՝ լիովին համահունչ «Pogossian Luxury Brand House»ի փիլիսոփայութեան։ Թէ՛ ընկերութեան համասեփականատէր Արմէն Պօղոսեան եւ թէ Մանէ Խաչատրեան ընդգծած են, որ այս միացեալ աշխատանքը հայկական կենդանի ժառանգութեան, արհեստագործական վարպետութեան եւ ժամանակակից նրբաճաշակութեան կատարեալ մարմնաւորումն է «Օփերա Կառնիէ»ի խորհրդանշական յարկին տակ։
Իր կարգին THE MUSE-ի գործընկեր «Jardins d’Arménie»ն հայկական ժառանգութեան արդիական մեկնաբանութիւն մըն է։ Ան բարձրակարգ ոգելից ըմպելիներու նոր դասակարգ մըն է, որ կը պատրաստուի հայկական բնաշխարհի իւրայատուկ «Ոսկեհատ» խաղողէն եւ կ՚անցնի հասունացման եզակի գործընթացէ։ Բաց աստի, այս արտադրանքին եւրոպական շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր 2025 թուականի սեպտեմբերին, Մոնաքոյի մէջ՝ իշխան Ալպէռ Բ.-ի ներկայութեամբ։ 1992 թուականէն ի վեր բացառիկ արտադրանքներ ստեղծող Պօղոսեան ընտանիքին պատկանող այս ապրանքանիշը, որ ներկայացուած է աւելի քան քառասուն երկիրներու մէջ, այսօր հաստատուած է Մոնաքոյի, Ֆրանսայի եւ եւրոպական շարք մը այլ ընտրեալ շուկաներու մէջ՝ բաւարարելով միջազգային յաճախորդներու ամենախիստ պահանջքները։
Շուրջ տասնվեց ձեռագործ կերպարներէ կազմուած հաւաքածուն կ՚ընդգծէր Մանէ Խաչատրեանի վայելչութիւնն ու ներքին ուժը՝ պահպանելով հայկական ձեռագիրը եւ համադրելով զայն միջազգային միտումներու հետ։ Իւրաքանչիւր կերպար կը դիտարկուէր որպէս արուեստի ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն՝ կառուցուած մանրակրկիտ աշխատանքով, բարձրորակ նիւթերով եւ յստակ ոճական ուղերձով։ Ցուցադրութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն նորաձեւութեան իրադարձութիւն, այլեւ մշակութային երկխօսութիւն՝ միաւորելով հայկական ժառանգութիւնն ու ժամանակակից խորհուրդը միջազգային հարթակի վրայ։
Հաւաքածուն կը փոխանցէր «Jardins d’Arménie» ապրանքանիշի տեսլականը՝ որպէս արհեստագործութեան, ժառանգութեան եւ ժամանակակից վարպետութեան միաւորում։ Հայկական արուեստը նորաձեւութեան աշխարհի սրտին վրայ ներկայացնելը հնարաւոր դարձաւ «Pogossian Luxury Brand House»ի համահիմնադիր Արմէն Պօղոսեանի աջակցութեան շնորհիւ։
Յատուկ ցուցադրութեան համար Georgeus Beats-ը ստեղծած էր երաժշտութիւն՝ օգտագործելով Կոմիտասի ձայնը եւ անոր ստեղծագործութիւններէն մին, ինչ որ ա՛լ աւելի կ՚արժեւորէր հայկական մշակոյթը։ Եւ իսկապէս, Կոմիտասի ձայնը լսել Փարիզի «Օփերա Կառնիէի»ի մէջ, այն ալ նման շքեղ ցուցադրութեան ընթացքին, պարզապէս աննկարագրելի էր։ Հայկական շքեղութիւնը, երաժշտութիւնը, ապրանքանիշն ու արուեստը՝ մէկ վայրի մէջ։
Միւս կողմէ, ցուցադրութեան ներկայ էին միջազգային նորաձեւութեան ամսագրերու ներկայացուցիչներ, երեւելիներ, գործարարներ, պլոկըրներ եւ մշակութային գործիչներ։ Միջոցառումը դարձաւ հպարտութեան հարթակ մը, ուր հայկական ստեղծագործական միտքը ներկայացուեցաւ համաշխարհային նորաձեւութեան յառաջատարներուն։