Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԱՒ ՎՐԱՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԻԼԻԱ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին կը սգայ իր հայրապետին՝ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանումը։ Ցաւալի այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ։
93-ամեայ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքը վերջին օրերուն առողջական վիճակի վատթարացման հետեւանքով փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Դժբախտաբար, բժիշկներու կողմէ ի գործ դրուած խնամքը բաւարար չեղաւ իր առողջութիւնը կայունացնելու համար։ Նորին Սրբութիւնը երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ երէկ օրուան երկրորդ կէսին։
1933 թուականին հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ ծնած էր Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքը, որ աւարտած էր Մոսկուայի Աստուածաբանական ակադեմիան։ 9 նոյեմբեր 1977 թուականէն ի վեր կաթողիկոս-պատրիարքի գահը կը զբաղեցնէր։
Իլիա Բ. Վրաց Ուղղափառ եկեղեցիէն ներս հաստատած էր նորածիններու համընդհանուր մկրտութեան աւանդութիւնը։