ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ԱՄՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը տակաւին պատրաստ չեն խաղաղութեան համար։ 

«Associated Press» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ յամենայնդէպս Թեհրան այս պահուն բաց կը մնայ անպաշտօն դիւանագիտական շփումներու համար։ Նախարարին խօսքով՝ ներկայ պահուն պայմանները նպաստաւոր չեն դիւանագիտութեան համար։

Ֆիտան յիշեցուց, որ Թուրքիա նախապէս առաջարկած էր միջնորդի դերակատարութեամբ հանդէս գալ, սակայն, ԱՄՆ-ն ու Իրանը նախընտրած էին այլ ձեւաչափեր։ 

Ըստ Հաքան Ֆիտանի՝ այս պահու դրութեամբ Անգարայի հիմնական նպատակն է հակամարտութենէն հեռու մնալն ու ոեւէ մէկուն հետ պատերազմի մէջ չյայտնուիլը։ «Մենք գիտենք, որ մեզի ուղղեալ սադրանքներ կրնան ըլլալ, սակայն, այս պատերազմէն դուրս մնալ կ՚ուզենք», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հիւրընկալեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026