ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէ ներս առկայ իրավիճակն ու ընթացիկ իրադարձութիւնները։ Քննարկումներու բովանդակութեան մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026