ԼԱՐԻՃԱՆԻ ԵՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆԻ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը շարունակեն զոհուիլ Թեհրանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը։ Իսրայէլի ուժերը երէկ կազմակերպեցին յարձակումներ, որոնց հետեւանքով մահացան Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանի եւ բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ռըզա Սիւլէյմանի։ Այս վերջիններու սպանութեան վերաբերեալ նախ Իսրայէլի լրատուամիջոցները հաղորդումներ կատարեցին, իսկ աւելի վերջ Իրանի աղբիւրները պաշտօնապէս հաստատեցին համապատասխան տուեալները։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահու երէկ յայտնեց, որ Իրանի ժողովուրդին հնարաւորութիւն մը տուած են երկրի վարչակարգը փոխելու համար։ «Սա դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն, եթէ ըլլանք վճռական, ապա Իրանի ժողովուրդը ձեռք պիտի առնէ իր ճակատագիրը», ըսաւ ան։