ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի կողմէ վերջերս հրատարակուած գիրքին շնորհանդէսը վերածուեցաւ հեղինակին համար կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան մը։ Կլենտէյլի մէջ, Լոս Անճելըս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց հոծ թիւով գրասէրներ։ «Համազգային» միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր գինեձօնը, որ տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ «Համազգային» միութեան նոր կեդրոնատեղիի երդիքին տակ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթին առթիւ։ Սա Գէորգ Պետիկեանի անդրանիկ սիրավէպն է։
Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Պետիկեան սփիւռքահայ երէց սերունդի գրողներու փաղանգի վառ ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան ունի բեղուն գրիչ, կ՚արտադրէ թափով եւ այդ ամբողջին մէջ այժմու սիրավէպը աննախընթաց բնոյթ ունի։
Շնորհանդէսի յայտագրի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Վանիա Պապիկեան։ Ռուպինա Սերովբեան ներկայացուց հեղինակի կենսագրութիւնը։ Սօնա Մատարեան մանրամասնօրէն ծանօթացուց գիրքը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգեց Մարալ Վարժապետեան։ Արենի Շալքեան, Արմինէ Գալփաքեան եւ Վանիա Պապիկեան հանդէս եկան ասմունքներով։ Շանթ Դանիէլեանի եւ Սերենա Լաթերովեանի ջութակի նուագներն ալ խոր տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ։
Այս բոլորէն վերջ հեղինակը՝ Գէորգ Պետիկեան արտասանեց սրտի խօսք մը, որ մագնիսացած ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Այս խօսքի աւարտին հնչած ծափահարութիւնները ո՛չ միայն Գէորգ Պետիկեանի վաստակին նկատմամբ յարգանքի, այլ նաեւ իր վայելած համակրանքի արտայայտութիւնները հանդիսացան։ Եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Սօնա Մատարեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին Գէորգ Պետիկեան ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Հեղինակը իսկապէս յուզուած էր՝ քանի իր այս անդրանիկ սիրավէպը այնքան մօտիկ ուշադրութեան արժանացաւ գրասէր շրջանակներուն կողմէ։ Գէորգ Պետիկեան տասնամեակներէ ի վեր ունի ծով վաստակ մը՝ արեւմտահայերէնով արտադրութեան իմաստով։ Ան սփիւռքի եզակի հեղինակներէն մին է, որ իր ապրումները թուղթին կը յանձնէ՝ հաղորդական ոճով անոնց բաժնեկից դարձնելով զանազան սերունդներէ ընթերցողներ։