ԱՌՑԱՆՑ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹՒԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հեռակայ դրութեամբ ստորագրեցին՝ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդքան սպասուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Հեռակայ դրութեամբ երկու ղեկավարները ստորագրութիւն դրին փաստաթուղթին տակ։ Անոնց կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթերը արդէն առցանց փոխանակուեցան։

Թրամփ համաձայնագիրը ստորագրեց, երբ կը գտնուէր Ֆրանսայի մէջ, ուր Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ ընթրիքի էր Վերսայի պալատէն ներս։

Վաղը, Զուիցերիոյ մէջ նախատեսուած է փաստաթուղթի պաշտօնական ստորագրման արարողութիւնը։ Զանազան աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ Թրամփ եւ Փեզեշքիան եւս մասնակցութիւն բերեն այս ստորագրման արարողութեան։ Յամենայնդէպս, լուրերը տակաւին վերջնական չեն։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026