ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ՝ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին բարձր մակարդակի վրայ շփումները նոր թափ ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան սերտ կապի մէջ են՝ մանաւանդ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերու ծիրէն ներս։

Ֆիտան, որ նախօրէին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի հետ տեսակցած էր, երէկ ալ Քազան քաղաքին մէջ մէկտեղուեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այսպէս, Քազանի մէջ տեղի կ՚ունենար Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու եւ Ռուսաստանի գագաթաժողովը, որու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Փութին-Ֆիտան տեսակցութիւնը։

Կը հաղորդուի, որ Անգարա այս շրջանին օրակարգի վրայ բերած է նոր առաջարկ մը՝ Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ դրական մթնոլորտ մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա հետամուտ է խտացեալ դիւանագիտական երթեւեկի, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ Իսթանպուլի մէջ վերստին մէկտեղել հակամարտ կողմերը։ Այս փուլին թրքական կողմը շեշտը կը դնէ Սեւ ծովէ ներս առեւտուրի անվտանգութեան եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան վրայ։ Ի շարունակութիւն՝ Թուրքիա կ՚առաջարկէ սահմանափակ հրադադարի ծրագիր մը։

Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութին Ֆիտանի հետ տեսակցութեան ընթացքին նշած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ շփումները բարեկամական մթնոլորտի մէջ կ՚ընթանան։ Անոնց զրոյցին ներկայ գտնուած են նաեւ Սերկէյ Լաւրով եւ Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդատու Եուրի Ուշաքով։ Ըստ Փութինի՝ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները կայուն ձեւով կը զարգանան, ինչ որ մեծ գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ։

Քազանի զրոյցին ընթացքին, Ֆիտան Փութինին փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ողջոյնները։ «Մեր տարածաշրջանէն եւ ամբողջ աշխարհէն ներս շատ խտացեալ օրակարգ մը կայ։ Այս նիւթին վերաբերեալ ձեր փորձառութիւնը ծայր աստիճան կարեւոր է։ Շատ նիւթեր կան, որոնց շուրջ պէտք է խորհրդակցինք», ըսաւ Ֆիտան։

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տարի հետ։

Բաց աստի, Լաւրով, որ նախօրէին հիւրընկալած էր Ֆիտանը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026