TRIPP-Ի ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ TRIPP նախագծի շրջանակներէն ներս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին՝ Հայաստանի տարածքով ելեկտրահաղորդման գիծ մը անցընելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մասնագէտները արդէն իսկ վերլուծած ու որոշած են այն վայրերը, ուր կրնան տեղադրուիլ ելեկտրահաղորդման գիծերու յենասիւները: «Հայաստան այդ գործընթացը չի՛ ձգձգեր, որովհետեւ սա ձեռնտու է նաեւ անոր շահերուն տեսակէտէ», յոյս յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահը, որ համոզուած է, թէ TRIPP նախագծի իրագործումը արդէն սկսած է: Ան դիտել տուաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ վերջին օրերուն ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին արձանագրուած է, որ մօտաւոր ժամանակներուն TRIPP-ը կեանքի պիտի կոչուի: Իր խօսքով՝ TRIPP-ի շրջանակներէն ներս Ատրպէյճանի տարածքով կառուցման ձեռնարկուած երկաթգիծը արդէն յաջորդ տարի պիտի հասնի Հայաստանի հետ սահմանին:
Ի լրումն այս բոլորին, Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ Հորատիզ-Աղպենտ մայրուղին գործնականին մէջ արդէն պատրաստ է: Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան որեւէ պահ կրնայ արագացնել այդ նախագծի իրականացումը, սակայն, այդ բանին անհրաժեշտութիւնը չի տեսներ, որովհետեւ հայկական կողմի հատուածը տակաւին պատրաստ չէ:
TRIPP նախագծի վերաբերեալ այս շրջանին միշտ օրակարգի վրայ կը մնան միջազգային արձագանգները: Բացի Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններէն, տարածաշրջանի միւս շահագրգիռ երկիրներն ալ տեւաբար կ՚արտայայտեն իրենց վերաբերմունքը: Անոնց շարքին են Ռուսաստանն ու Իրանը: Մոսկուայի ղեկավարութիւնը ազդանշաններ կու տայ իր նախընտրութեան ուղղութեամբ, որպէսզի կարողանայ Ռուսաստանն ալ ընդգրկուիլ այդ ծրագրին: Յամենայնդէպս, Թեհրանէն հնչած արձագանգները աւելի մտահոգութեան բնոյթ ունին, որովհետեւ Իրան այդքան ալ խանդավառուած չէ՝ իր հիւսիսային սահմանին վրայ ԱՄՆ-ի մասնակցութեամբ ենթակառուցուածքային մեծ ծրագրի մը կեանքի կոչման հեռանկարով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով: Վարչապետին խօսքով՝ TRIPP նախագծի իրականացումը էապէս պիտի ընդլայնէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսային կապերը եւ պիտի նպաստէ Պարսից ծով եւ Սեւ ծով երկաթուղային կապի ձեւաւորման: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Իրանի առկայ մտահոգութիւններուն արձագանգելով՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ TRIPP նախագծի իրականացումը կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն:
«TRIPP նախագծի իրականացմամբ մենք պիտի բանանք Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով երկաթուղային կապը. բան մը, որու շնորհիւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւորութիւնները էականօրէն պիտի ընդլայնին: Էականօրէն կ՚ընդլայնին նաեւ Իրանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: TRIPP նախագծի իրականացումը անկեղծօրէն եւ ուղղակիօրէն կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն», դիտել տուաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Երեւան պատրաստ է այս նիւթին վերաբերեալ Թեհրանի հետ բաց եւ թափանցիկ քննարկումներու: «Մենք թափանցիկ ենք եւ պատրաստ ենք պատասխանել որեւէ հարցումի: Պէտք է յստակ ձեւակերպուի, թէ ի՞նչ մտահոգութեան մասին է խօսքը: Համոզուած ենք, թէ բոլոր մտահոգութիւնները հնարաւոր կ՚ըլլայ փարատել», ընգծեց վարչապետը:
Մամլոյ սպասաւորներուն առջեւ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխատիլ TRIPP նախագծի շուրջ բոլոր շահագրգիռ գործընկերներու հետ: Ան ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Իրանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Եւրոմիութեան, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու եւ Չինաստանի հետ, որովհետեւ սա կլոպալ նախագիծ մըն է եւ մենք կը փափաքինք հնարաւորինս արագ անոր իրականացման: Յոյս ունիմ, թէ արդէն այս տարուայ աշնան դաշտի վրայ կը սկսին առաջին աշխատանքները»:
Ինչպէս վերջին շրջանին քանի մը առիթով, այնպէս ալ Հայաստանի կառավարութեան վերջին ժողովէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան TRIPP-ի վերաբերեալ հարցումներուն անդրադարձաւ՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ: «Հայաստան համեստ, փոքր պետութիւն մըն է եւ որպէս միջնորդ՝ Իրանը եւ ԱՄՆ-ը հաշտեցնելու յաւակնոտ մտադրութիւններ չի կրնար ունենալ, որովհետեւ մեծ երկիրներու յարաբերութիւններու պարզաբանման մէջ մտնելու մասին մտածելը այդքան ալ լաւ ու ճիշդ չէ», ըսաւ ան:
Վարչապետը յիշեցուց, որ Թեհրան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ ալ շատ յստակ ըսած է, որ հայկական կողմը TRIPP-ի պարագային կը գործէ բաց ու թափանցիկ: «Մենք պատրաստ ենք տալու Իրանը յուզող բոլոր հարցումներուն պատասխանները, որպէսզի բոլոր մտավախութիւնները վերանան, որովհետեւ TRIPP-ը տնտեսական, ենթակառուցուածքային շատ խոշոր եւ շատ կարեւոր նախագիծ մըն է: Սա միայն օգուտ պիտի բերէ տարածաշրջանին՝ ներառեալ Հայաստանին ու Իրանին: Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ այդ նախագծի իրականացման շնորհիւ պիտի բացուի նաեւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Իրանի, Ատրպէյճանի, Նախիջեւանի, Հայաստանի ու Վրաստանի տարածքով», շարունակեց վարչապետը, որու համոզմամբ՝ սա այն ուղղութիւններէն մին է, որ ի չիք կը դարձնէ այն քննադատութիւնները, ըստ որոնց՝ TRIPP նախագծի իրականացումը դուրս կը թողէ տարածաշրջանի որեւէ երկիր:
«Ընդհակառակն, սա ներգրաւող նախագիծ մըն է եւ, ի հարկէ, խանգարող հանգամանք կրնայ ըլլալ տարածաշրջանային անկայունութիւնը: Կը յուսամ, թէ հնարաւորինս շուտ կայունութիւն կը հաստատուի, որպէսզի մենք շինիչ բոլոր նախագծերը կարողանանք իրականացնել», աւելցուց վարչապետը:
Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան վստահեցուց, թէ մշտական դրութեամբ աշխատանք կը տարուի Ատրպէյճանէ ներս պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման խնդրին շուրջ: Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ անկլաւներու վերաբերեալ նիւթին մասին քանիցս խօսած է եւ հայկական կողմը կ՚ենթադրէ, որ կիսատ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին։