ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՔՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ՝ ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Միջտարածաշրջանային անվտանութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» խորագրեալ նախարարական հանդիպման։ Այս ծիրէն ներս Միրզոյեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Մարթա Քոս քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն ռազմավարական օրակարգի իրականացման եւ համագործակցութեան տնտեսական բաղադրիչի խորացման վերաբերեալ հարցեր։

Նախարարը եւ յանձնակատարը կարեւորեցին տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան օրակարգի յառաջ մղման նախաձեռնութիւններու իրականացումը՝ որպէս տարածաշրջանային փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման կարեւոր գործօն։

Անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու, թուային եւ ուժանիւթի փոխկապակցուածութեան, դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղութիւններով քաղաքական յանձնառութիւնները յստակ ծրագրերու եւ ներդրումներու վերածելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Միրզոյեան նշեց, որ Երեւան բարձր կը գնահատէ Պրիւքսէլի կողմէ հայկական արտադրանքի համար ինքնավար միջոցներու տրամադրումը։ Այս մէկուն գործնական կիրառման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքները արդիւնք կու տան՝ դէպի Եւրոմութեան երկիրներ հայկական արտադրանքի արտահանման աճի տեսքով։

Նախարար Արարատ Միրզոյեան զրոյցի ընթացքին ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման հարցին շուրջ մօտեցումները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026