ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՅՍՕՐ ԻՍԿ ԲԱՑ ՍԱՀՄԱՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ»
Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ երկիրը այսօր իսկ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ բաց սահման եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենալու։ Ռուբէն Ռուբինեանի այս յայտարարութիւնները եկան միանալ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջերս Տապլինի մէջ կատարուած յայտարարութեան, թէ Հայաստանն ու Թուրքիան մօտ են դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանները լիարժէք բանալու։ Փաշինեան այդ յայտարարութիւնը ըրած էր՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ Անթալիոյ մէջ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս վերջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ խորհրդարանէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս փուլին ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց իր խորհրդածութիւնները՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին։
«Ես կը կարծեմ՝ որեւէ խոչընդոտ չկայ օր առաջ ունենալու համար Թուրքիա-Հայաստան բաց սահման եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Մենք պատրաստ ենք այդպիսի իրավիճակ մը ունենալու այսօր իսկ, վաղն իսկ։ Մնացածը արդէն Թուրքիոյ դաշտին մէջ է», ըսաւ ան։
Խորհրդարանի նախագահը մամլոյ սպասաւորներու նկատառման յանձնեց, որ Մարգարա-Ալիճան սահմանային անցման երկու կողմերու անցակէտերը վերականգնուած են ու պատրաստ՝ գործարկման։ Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ թրքական կողմը սկսած է Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի՝ իր տարածքով անցնող հատուածի վերանորոգումը մինչեւ Հայաստանի սահմանը։
«Լաւ լուրը այն է, որ թրքական կողմը սկսած է Կարս-Կիւմրի, այսինքն իրենց կողմէն երկաթգիծի վերանորոգումը մինչեւ մեր սահմանը եւ առնուազն իմ վերջին տեղեկութիւնով աշխատանքները ընթացքի մէջ են», ըսաւ Ռուբինեան՝ աւելցնելով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի, իսկ քննարկումները կ՚ընթանան արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ հանդիպում մը ունեցած էին Պրիւքսէլի մէջ։
Միւս կողմէ, Ռուբէն Ռուբինեան համոզուած է, թէ Հայաստան պէտք չէ կորսնցնէ տարանցիկ երկիր մը դառնալու հնարաւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ TRIPP-ի վերաբերեալ լաւատեսութիւնը կ՚աճի օրէ օր։
Ի լրումն այս բոլորին, խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու ուղղեալ նախաձեռնութեան։ Այս ամբողջին մէջ ան շեշտեց, որ Հայաստանի համար ընդունելի չեն Սահմանադրութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի մօտեցումները։