ՖԻՏԱՆ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Կեպելէի մէջ, ուր Ատրպէյճանի հիւրընկալմամբ նախատեսուած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 12-րդ գագաթաժողովը։ Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովին ընդառաջ, սոյն կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը տեղի կ՚ունենայ։ Ֆիտան-Պայրամով զրոյցը տեղի ունեցաւ նախարարաց այդ ժողովի շրջանակներէն ներս։

Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։

Կեպելէէն վերջ Հաքան Ֆիտան անցաւ Ռիատ, ուր Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր արաբական եւ մահմետական շարք մը երկիրներու մասնակցութեամբ նախարարներու ժողով մը, որուն եւս ներկայ էր Ճէյհուն Պայրամով։ Այս ժողովին մասնակցեցան նաեւ շարք մը արաբական կամ մահմետական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, որոնցմէ ոմանց հետ ալ Ֆիտան ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ։

Այս հաւաքի շրջանակներէն ներս, Ֆիտան դարձեալ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ՝ ներառեալ հիւրընկալ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցը՝ Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սուուտի հետ։ 

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Նախարարները շօշափեցին առկայ պատերազմի ընթացքը։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026