ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՄԵՂՄ ՊԱՏԳԱՄ

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին յայտարարեց, որ իր երկրին համար կարեւոր է՝ Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Նարիշքին յայտնեց, որ Մոսկուա յոյս ունի, թէ Երեւանի հետ կը պահպանուին բարի դրացիական յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան զարգացումը: «Մեզի համար, Ռուսաստանի համար կարեւոր է, որ երկու երկիրները ամէն պարագային պահպանեն բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որպէսզի համագործակցութիւնը, տնտեսական, մարդասիրական, ռազմաթեքնիք ուղղութիւններով համագործակցութիւնը զարգանայ: Մենք յոյս ունինք, թէ սա այդպէս ալ կ՚ըլլայ», ըսաւ Նարիշքին: 

Հարկ է նշել, որ վերջին տարիներուն Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւուին, իսկ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ իշխանութիւնները ռուսական կողմին դէմ խօսոյթը սաստկացուցին եւ այդ իրավիճակին մէջ յաջողեցան վերընտրուիլ:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026