ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, երբ որ պայմանները գոյանան:
Նախարար Ֆիտան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը շատ կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Ան աւելցուց, որ Անգարա պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, երբ պայմանները ի յայտ գան:
Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են Ֆիտանի յայտարարութիւնները: «Փաշինեանի կառավարութիւնը շատ կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է: Մեր նախագահի կամքով ձեռնարկուած են շատ աւելի կարեւոր քայլերու՝ ներառեալ ուղիղ առեւտուրն ու թռիչքները: Նոր ժամանակահատուածի մէջ կատարուելիքները նոյնպէս պարզ են: Մենք պատրաստ ենք կարգաւորման, երբ այդ պայմանները ի յայտ գան», ըսաւ նախարարը:
Ֆիտանի յայտարարութիւնները յաջորդեցին իր Մոսկուա կատարած այցելութեան։